Քրեմլինը կը հաստատէ Փաշինեանի Ռուսաստան այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները

ԵՐԵՒԱՆ.- Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ խօսնակ Տմիթրի Փեսքով չորեքշաբթի, 25 նոյեմբերին, հաստատեց, որ կը կատարուին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Ռուսաստան կատարելիք այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները։

Փեսքով լրագրողներուն յայտնեց, որ այցելութեան շուրջ նախապէս համաձայնութիւն գոյացած է եւ անոր մանրամասնութիւնները պիտի հրապարակուին լրացուցիչ հաղորդագրութեամբ։ Փաշինեան իր կարգին աւելի կանուխ յայտարարած էր, որ դեկտեմբեր 3-ին պիտի այցելէ Մոսկուա։

Այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու համար բարդ հանգրուանի մը։ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ քննարկումներ կ’ընթանան Հայաստանի երկաթուղային ցանցի ռուսական կառավարման ձեւաչափին վերաբերեալ, մինչ Երեւան կը շարունակէ խորացնել իր յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներուն հետ։

Երկկողմանի յարաբերութիւններուն տնտեսական եւ անվտանգային առնչութիւններուն կողքին, առանձնակի նշանակութիւն ստացած է Հայաստանի հարաւին մէջ ամերիկեան մասնակցութեամբ նախատեսուած հաղորդակցութեան նոր ուղիներու կառուցման ծրագիրը։

Մոսկուայի մէջ կայանալիք բանակցութիւններուն պաշտօնական օրակարգը տակաւին չէ հրապարակուած։