Իսլամութիւնը կը գրաւէ Եւրոպան «առանց սուրերու‚ առանց զէնքերու‚ առանց յարձակումի»
observer.com կայքին վրայ տեղադրուած է Սելուին Տիուքի վերոնշեալ խորագիրով յօդուածը‚ որուն մէջ ան կը գրէ.
«10 տարի ետք բոլորս իսլամ պիտի ըլլանք մեր ապուշութեան պատճառով», վերջերս յայտարարեց իտալացի եպիսկոպոս Քարլօ Լիպերաթի։ Կաթողիկէ պարբերաթերթ «Լա Ֆետէ Քոթիտիանա»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Փոփէի հանգստեան կոչուած արքեպիսկոպոսը ցաւ յայտնեց արեւմտեան Եւրոպայի դէպի աշխարհիկութիւն փոխակերպման պատճառով եւ անկէ բխելիք յետադարձին՝ մեծաթիւ իսլամ գաղթականներու Արեւմուտք ներհոսքին եւ անոնց ծնելիութեան բարձր թիւերուն նկատմամբ։
Այս ընթացքը նաեւ նշուած էր Լիպիոյ նախկին ղեկավար Մուամմար Քազզաֆիի կողմէ‚ որ 2006-ին ըսաւ. «Եւրոպայի մէջ 50 միլիոն իսլամ ունինք. առանց սուրերու‚ առանց զէնքերու‚ առանց նուաճումի զայն քանի մը տասնամեակներու մէջ պիտի վերածենք իսլամական ցամաքամասի»։
Անշուշտ‚ Լիպերաթի արքեպիսկոպոսին խօսքը անհիմն էր‚ իսկ Քազզաֆիի խօսքը՝ անճիշդ բայց եւ յուսալից։ 2010-ի տուեալները ցոյց տուին‚ որ Եւրոպայի մէջ կայ 44 միլիոն իսլամ‚ աւելին‚ ներկայ ընթացքով‚ ցամաքամասը քանի մը տասնամեակներէն ամբողջութեամբ իսլամական պիտի չըլլայ‚ թէեւ ուղղութիւնները կրնան փոխուիլ։ Փիու հետազօտման կեդրոնը անցեալ Յուլիսին հաղորդեց‚ որ Եւրոպայի տարածքին իսլամ բնակչութեան համեմատութիւնը աճած է «մէկ տասնամեակի մէջ շուրջ 1 առ հարիւրով‚ 1990-ի 4 առ հարիւրէն 2010-ին 6 առ հարիւրի։ Կը սպասուի‚ որ այս ընթացքը պիտի շարունակուի մինչեւ 2030‚ եւ այդպիսով իսլամները պիտի կազմեն Եւրոպայի բնակչութեան 8 առ հարիւրը»։
Նշենք‚ որ այս վիճակագրութիւններուն ճշգրտութիւնը կրնանք հարցականի տակ առնել։ Ֆրանսան‚ օրինակի համար‚ կ’արգիլէ ցեղի‚ ազգի կամ կրօնի հիմամբ վիճակագրական տուեալներու հաւաքումը՝ դժուարացնելով իսլամ բնակչութեան թիւի ճշդումը։
Արքեպիսկոպոս Լիպերաթի պնդեց‚ որ արեւմտեան աշխարհիկութիւնը եւ բարոյական անկումը իսլամութեան վերելքին նպաստած է‚ մեկնելով այն գաղափարէն‚ որ գոյութիւն ունեցող հոգեւոր բացը կրօնական միակ այլընտրանքին յղուած հրաւէր մըն է։ Աշխարհիկներուն մեծամասնութիւնը կը հակադարձեն‚ թէ արդիականութիւնը Եւրոպայի իսլամ սերունդերը պիտի կերպարանափոխէ, ճիշդ ինչպէս ըրաւ քրիստոնէական սերունդներուն. աշխարհիկութիւնը պիտի սպաննէ հաւատքը՝ գիտութեամբ եւ իմացականութեամբ։ Ապագան կը պատկանի անհաւատութեան։
Բայցեւայնպէս վիճակագրական եւ ընկերաբանական գիտութիւններու յայտնաբերումները չեն համապատասխաներ այդ յայտարարութեան։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան‚ թէ Եւրոպայի մէջ իսլամ երիտասարդ սերունդները իսկութեան մէջ աւելի ժիհատական թեքումի են‚ ոմանք պիտի ըսէին՝ աւելի բարեպաշտ քան իրենց երէց սերունդները։ Սակայն գոյութիւն ունի մէկ այլ ազդակ մը‚ որ աւանդական իմաստութեան կը հակասէ։
Յառաջիկայ քանի մը տասնամեակներուն ընթացքին աշխարհը ընդհանրապէս աւելի կրօնասէր պիտի դառնայ եւ ոչ թէ նուազ։
Եւ իսլամները‚ որոնց ժողովուրդները կրօնասիրութեան անկումի նշաններ ցոյց չեն տար‚ աւելի արագ կ’աճին, քան կրօնական այլ խմբաւորումները։
Աշխարհի տարածքին շուրջ 100 ազգերու‚ ներառեալ իւրաքանչիւր արեւմտեան ազգի‚ ծնելիութեան համեմատութիւնը փոխարինման մակարդակէն (2‚1 մանուկ իւրաքանչիւր կնկայ համար) ցած է։ Իսրայէլը‚ որ երբեմն Արեւմուտքի մէկ մասը կը նկատուի‚ միակ բացառութիւնը կը թուի ըլլալ։
Փիու հետազօտութեան կեդրոնը այս հարցը քննեց Ապրիլ 2016-ին գրելով. «Յստակ ըլլալու համար՝ կրօնական պատկանելիութիւն չունեցող մարդոց (անաստուածներու‚ ակնոստիգներու եւ անոնց‚ որոնք մարդահամարներու մէջ կ’ըսեն, թէ մասնաւոր կրօն մը չունին) ընդհանուր թիւը 2010-ի 1‚1 միլիառէն կը նախատեսուի 2050-ին հասնիլ 1‚2 միլիառի։ Սակայն նոյն ժամանակահատուածի ընթացքին կրօնական խմբաւորումներու եւ ընդհանրապէս աշխարհի բնակչութեան նախատեսուած թիւը շատ աւելի արագ կ’աճի»։
«Այս նախատեսութիւնները‚ որոնք նկատի կ’ունենան ժողովրդագրական ազդակներ‚ ինչպէս ծնելիութիւն‚ տարիքային պատկեր եւ կեանքի տեւողութիւն‚ ցոյց կու տան‚ որ կրօն չունեցող մարդիկ 2050-ին պիտի կազմեն աշխարհի բնակչութեան 13 առ հարիւրը‚ որ շուրջ 16 առ հարիւրով նուազ է 2010-ի համեմատութենէն։… Ասիկա մեծ մասամբ կարելի է վերագրել այն իրողութեան‚ որ ոչ մէկ կրօնի հակողները‚ ընդհանուր առմամբ աւելի ծեր են եւ նուազ զաւակներ ունին քան այն մարդիկը‚ որոնք կրօնի մը կը հակին»։
Աւելին‚ ահաւասիկ մէկ այլ տարր մը «ամէն ինչ, որ կը կարծէիր‚ թէ գիտես՝ սխալ է» թղթապանակին համար. մինչ կաթողիկէութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ անկումի մէջ է‚ անոր հետեւորդներուն թիւի աճը քիչ մը աւելի է քան բնակչութեան աճի թիւը։
Իրապէս‚ աշխարհիկ բնակչութեան մը երկարատեւ յարատեւման վերաբերեալ պատմական օրինակ մը գոյութիւն չունի։ Ինչպէս վիճակագրող‚ յառաջդիմական «Նիու Ամերիկա» կեդրոնի աւագ աշխատակից Ֆիլիփ Լոնկմըն 2011-ին «Էն.Փի.Առ.»ի վրայ գրեց. «Որոշ պատճառներով‚ արմատականութեան հակողները կը շարունակեն համեմատաբար մեծ ընտանիքներ ունենալ‚ մինչ անզաւակ եւ միազաւակ ընտանիքները կը դառնան ընդունուած կարգը անոնց‚ որոնք իրենք զիրենք Աստուծոյ «աճեցէ՛ք եւ բազմացէ՛ք» հրամանին ենթակայ չեն նկատեր»։
«Հաւատցեալները այսպիսով կը սկսին ժառանգել ընկերութիւնը մրցակիցի չգոյութեան պատճառով»‚ կը բացատրէ Լոնկմըն՝ ազնուաբարոյ մարդ մը‚ որ կը նշէ‚ թէ «եկեղեցասէր չէ»։ «Արեւմուտքի բնակչութեան ընդհանուր թիւը կրնայ անկում կրել կամ լճանալ‚ թերեւս բաւական երկար ժամանակ‚ սակայն անոնք որոնք պիտի մնան անհամեմատօրէն յանձնառու պիտի ըլլան Աստուծոյ եւ ընտանիքի‚ ըլլան անոնք քրիստոնեաներ‚ իսլամներ‚ հրեաներ կամ անդամներ նոր սերնդագործումի հակող հաւատքներու»։
Ուստի‚ կրօնի մահուան մասին զեկուցումները մեծապէս չափազանցուած են։ Շատեր ներկան կը նկատեն աշխարհիկութեան եւ կրօնի միջեւ ճակատամարտ մը‚ իսկ վաղը միայն աշխարհիկութեան։ Սակայն ապագային‚ ինչպէս անցեալին, գոյութիւն պիտի ունենայ մէկ հարց, թէ ո՛ր կրօնը պիտի գերակշռէ եւ ո՛ւր: