«Մենք կը կարծենք, թէ անընդունելի է տագնապի լուծումը փուլային տարբերակով, եւ երբեք կարելի չէ բանակցիլ անոր շուրջ», ըսաւ ան:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած էր, որ հիմա Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային սեղանին կայ եւ կը քննարկուի լուծման փուլային տարբերակը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեանը, անոր ի պատասխան, յայտնած էր, որ հայկական կողմերուն համար ընդունելի չէ լուծման որեւէ տարբերակ, որ չի նախատեսեր Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին առանց որեւէ սահմանափակման իրականացումը եւ կրնայ վտանգել Արցախի ժողովուրդին ապահովութիւնը:
«Հայաստանի համար ընդունելի չեն տակաւին մինչեւ 2018 ներկայացուած եւ ղարաբաղեան խաղաղ լուծման փուլային տարբերակ ենթադրող առաջարկները: Աւելին, 2018-էն ի վեր Հայաստան չի վարեր բանակցութիւններ, որոնք հիմնուած ըլլան փուլային լուծման վրայ», հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած էր Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան:
ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի համաձայն, պաշտօնական Երեւանի հաստատումները, որ չեն բանակցիր, իրենց մտահոգութիւնները չեն փարատեր եւ վստահութիւն չեն ներշնչեր: «Նախապէս ալ եղած են փուլային լուծման շուրջ քննարկումներ, եւ մենք նախապէս ալ շատ խիստ քննադատած ենք այդ ընթացքը», ըսաւ ան:
Ան աւելցուց, որ բանակցութիւններու հիմնական բաժինը պէտք է ըլլայ Արցախի կարգավիճակին հարցը, նաեւ 1991-ի Արցախի հանրաքուէով եւ անկէ ետք տեղի ունեցած սահմանադրական հանրաքուէներու կամարարտայայտման սկզբունքները: «Հարցը պէտք է լուծուի ամբողջապէս: Հակառակ պարագային խօսիլ հարցի փուլային տարբերակով լուծման մասին` տարբեր երաշխիքներու հիման վրայ, անընդունելի է», ըսաւ ան:
Իշխան Սաղաթէլեանի խօսքով` նախ պէտք է հասկնանք, որ Ատրպէյճանի զիջումը ինչ պէտք է ըլլայ: «Մենք այս պահուն Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ գտնուող տարածքներ ունինք: Արցախի մասին այսպէս խօսելու եւ մեր պահանջները դնելու իրաւունքը մենք մեր կենսագրութեամբ վաստակած ենք: Որեւէ զիջողական տրամադրութիւն` մեր կողմէ, անընդունելի է, դատապարտելի է», ըսաւ ան` շեշտելով, որ հարցը պէտք է լուծուի համաժամանակեայ եւ համարժէք. «Այսինքն մենք կարիք չունինք խօսելու փոխզիջումներու մասին, քանի տակաւին չենք գիտեր, թէ դիմացինը ի՛նչ կը զիջի»:
Հարցումին` եթէ Ազրպէյճան, ըստ անոր, պատրաստ չէ փոխզիջումի, ինչո՞ւ պէտք է Հայաստանը զիջի, Սաղաթէլեան պատասխանեց. «Ով որ կը կարծէ, թէ Հայաստան պատրաստ է, կը սխալի: Մեր գլխաւոր կարգախօսն ու բանաձեւը հետեւեալն է` Հայաստանն ու Արցախը պէտք է զարգանան առանց զիջումներու: Գաղտնիք չէ, որ կան շրջանակներ, որոնք այլ գաղափարախօսութիւն ունին, բայց ի ուրախութիւն մեզ պէտք է ըսեմ, որ անոնք շատ չնչին փոքրամասնութիւն կը կազմեն մեր երկրին մէջ: Մենք Արցախը ձեռք ձգած ենք մեր արեան գնով եւ պէտք է պահպանենք, պաշտպանենք եւ շէնցնենք զայն», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն դիտարկումին, թէ արդեօք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը խօսած ըլլալը փուլային լուծման տարբերակին մասին, նաեւ անդրադարձած ըլլալը հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ առկայ խնդիրներուն, չի՞ նշանակեր, որ կայ ճնշում ռուսական կողմէն, Իշխան Սաղաթելեան ըսաւ. «Ակնյայտ է, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ այսօր կան ոչ հարթ իրավիճակներ, եւ ատիկա շատ յաճախ պայմանաւորուած է մեր վարած արտաքին քաղաքականութեան չմտածուած քայլերով եւ գործողութիւններով: Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ ըլլայ ռուսական, թէ որեւէ այլ կողմ, ունի իրաւասութիւն այս հարցով մեր պետութեան վրայ ճնշում բանեցնելու: Ասիկա մեզի համար համահայկական, համազգային նշանակութեան հարց է: Եթէ կայ նման խնդիր, մենք պէտք է բոլորս միասնաբար դիմադրենք զայն»:
Իշխան Սաղաթէլեան աւելցուց. «Հայկական կողմը պէտք է իր յստակ օրակարգով յառաջ երթայ: Կ’ըլլան ճնշումներ, սպառնալիքներ, տարբեր մօտեցումներ, չեմ բացառեր, բայց ճիշդ քաղաքականութեան շնորհիւ պէտք է սխալ ճամբէն դուրս գանք»: