Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպում Ունեցաւ Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանին Հետ

Հաժ Իպրահիմ. «Թուրքիոյ Քայլերը Ուղղուած Են Շրջանին Մէջ Կայունութեան Դէմ»

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստան-Սուրիա բարեկամական խումբի ղեկավար Իշխան Սաղաթէլեան 22 նոյեմբեր 2021-ին հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մոհամետ Հաժ Իպրահիմի հետ:

Սաղաթէլեան անդրադարձաւ շրջանին մէջ Թուրքիոյ ապակայունացնող դերակատարութեան եւ շրջանի երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան դէմ այդ պետութեան ոտնձգութիւններու անթոյլատրելիութեան: Այս ծիրին մէջ ան կարեւոր նկատեց միջազգային խորհրդարանական հարթակներու վրայ Հայաստանի եւ Սուրիոյ համագործակցութիւնը:

Դեսպան Մոհամետ Հաժ Իպրահիմ իր կարգին դիտել տուաւ, թէ Թուրքիոյ քայլերը ամբողջութեամբ դէմ ու հակասող են շրջանի կայունութեան: Ան մերժելի նկատեց այդ երկրին կողմէ վարձկաններու ու ահաբեկիչներու ներգրաւումը պատերազմական գործողութիւններուն մէջ, ինչպէս տեղի ունեցաւ 44-օրեայ պատերազմին:

Կողմերը կարեւոր նկատեցին երկկողմանի բարեկամական ու եղբայրական յարաբերութիւններու խորացումն ու ընդլայնումը` ընդգծելով, որ պատմականօրէն առանձնայատուկ է երկու երկիրներու փոխադարձ գործակցութիւնը: Խորհրդարանական դիւանագիտութեան զարգացման շրջագիծին մէջ զրուցակիցները հաստատեցին փոխադարձ այցելութիւններու գործուն դերն ու նշանակութիւնը: Անդրադարձ կատարուեցաւ տնտեսական յարաբերութիւններու խորացման վերաբերող քայլերու իրականացման, մասնաւորապէս` արտածման եւ ներածման ծաւալներու աւելնալուն: Ընդգծուեցաւ սուրիահայերուն զգալի դերակատարութիւնը երկրի հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ:

Իշխան Սաղաթէլեան պատրաստակամութիւն յայտնեց` երկկողմանի յարաբերութիւններու խթանման ծառայող նախաձեռնութիւններու կեանքի կոչման օժանդակելու:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.