Իշխան Սաղաթէլեանը Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպան Անն Լույոն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան 23 մարտին, ընդունեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անն Լույոն եւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան առաջին խորհրդական Քրիստոֆ Քացախեանը:

Ողջունելով հիւրերը` Իշխան Սաղաթէլեան ընդգծեց հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը: Դեսպանին ներկայացուեցաւ յետպատերազմեան շրջանին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը` նշելով, որ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի հանրապետութիւնները կանգնած են անվտանգութեան լրջագոյն խնդիրներու առջեւ: Հրադադարէն ետք Ազրպէյճան կը շարունակէ իր սպառնալից հռետորաբանութիւնը, յարձակողապաշտութիւնը եւ Արցախի հայաթափման ուղղուած քաղաքականութիւնը:

Իշխան Սաղաթէլեան իր մտահոգութիւնը յայտնած է օրեր առաջ Արցախի մէջ ազրպէյճանցիներու կողմէ պայթեցուած կազատարի հարցով, որուն հետեւանքով շուրջ 100 հազար արցախցիներ կանգնած են մարդկային աղէտի առջեւ: Այս ծիրին մէջ ան շեշտած է միջազգային հանրութեան յստակ արձագանգին եւ կատարուող երեւոյթներուն պատշաճ գնահատական տալու կարեւորութիւնը: Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահը ընդգծած է. «Մեր դիրքորոշումն է, որ Արցախը երբեք չի կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, եւ Արցախի խնդիրը պէտք է լուծուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ, այս ձեւաչափը պէտք է կարենալ պահպանել` հակառակ Ազրպէյճանի ցանկութեան»:

Դեսպանին հետ խօսուած է նաեւ ներքաղաքական հարցերու մասին: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը ներկայացուցած է ընդդիմութեան մօտեցումները եւ դիրքորոշումները շարք մը հարցերու վերաբերեալ, այդ կարգին մարդու իրաւունքներու եւ քաղաքական հետապնդումներու հարցով, մասնաւորապէս բարձրաձայնած է ապօրինի կալանաւորուած համայնքի ղեկավարներու հարցը (Առուշ Առուշանեան, Մանուէլ Փարամազեան, Յարութիւն Մանուչարեան, Մամիկոն Ասլանեան, Արա Մկրտչեան):

Իր կարգին, դեսպան Անն Լույոն կարեւոր նկատած է հայ-ֆրանսական բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները եւ խորհրդարանական ընդդիմութեան հետ հանդիպումները: Դեսպանը յայտնած է, որ Ֆրանսան ուշադրութեամբ կը հետեւի հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցող գործողութիւններուն եւ վստահեցուցած, որ արցախեան տագնապի լուծման հարցով իրենց դիրքորոշումը անփոփոխ է, եւ խնդիրը պէտք է լուծուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.