Թուրքիոյ դատական մարմինները կը պահանջեն դադրեցնել Կարօ Փայլանի պատգամաւորական անձեռնմխելիութիւնը
Թուրքիոյ դատական մարմիններուն կողմէ պահանջ ներկայացուած է դադրեցնելու ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» (ԺՀԿ-CHP) և «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութիւններու (ԺԴԿ-HDP) շարք մը պատգամաւորներու անձեռնամխելիութիւնը: «Ակօս» թերթի համաձայն՝ այսօր Թուրքիոյ խորհրդարանին ներկայացուած են նշեալ կուսակցութիւններուն անդամակցող 10 պատգամաւորի մասին համապատասխան պահանջագիր:
Վերոնշեալ պատգամաւորներու շարքին են հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը, ինչպէս նաև HDP-ի անդամներ Մերալ Դանըշ Պեշթաշը, Մահմուտ Թողրուլը, Ֆերհաթ Էնջիւն, Այշէ Աջար Պաշարանը, CHP-ի պատգամաւորներ Օզգիւր Օզելը, Էլիֆ Տողան Թիւրքմենը, Պարըշ Եարքադաշը:
Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներու անձեռնամխելիութեան դադրեցումը նախատեսող օրէնսդրական փոփոխութիւնը թրքական խորհրդարանի օրակարգ բերուած է իշխող «Արդարութիւն և զարգացում» կուսակցութեան (ԱԶԿ-AKP) առաջարկով: Կատարուած քուէարկութեան արդիւնքով առաջարկը ընդունուած էր 376 կողմ, 140 դէմ և 5 ձեռնպահ քուէով:
Օրէնքի այս փոփոխութիւնը Թուրքիոյ պաշտօնաթերթին մէջ (“Resmi Gazete”) հրապարկուա և ուժի մէջ մտած է 2016-ի յունիսի 8-ին:
Յիշեցնենք, որ ներկայ դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած վիճակի մէջ են 10 պատգամաւորներ, որոնց կարգին՝ քրտամէտ ընդդիամադիր ԺԴԿ կուսակցութեան համանախագահներ Սելահատտին Տեմիրթաշը և Ֆիկեն Եուքսեքդաղը, միաժամանակ, յայտնի է, որ Ֆիկեն Եուքսեքդաղի և Տիարպեքիրցի պատգամաւոր Նուրսել Այտողանի պատգամաւորական լիազօրութիւնները դադրեցուած են: