Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցան ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի 2024-2025 տարեշրջանի ամավերջի hանդէսները
- (0)

ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանին համար Յունիս 2025-ը տօնական ամիս էր, որուն ընթացքին տեղի ունեցան Պապայեան մանկապարտէզի, Գոլոլեան նախակրթարանի եւ Լափոյեան երկրորդական վարժարանի ամավերջի հանդէսներն ու վկայականներու բաշխումները, ներկայութեամբ ծնողներուն, ուսուցչակազմին, պաշտօնէութեան, համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան:
Ուրբաթ, 6 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 5:30-էն սկսեալ եռուզեռ էր Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական կեդրոնի մուտքին: 53 մանուկներ, իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ, ժամանեցին կեդրոն, ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծելով:
Ձեռնարկը սկսաւ «Համազգային» թատերասրահին մէջ, յիշատակի նկարներու ցուցադրութեամբ մը, որ կը ներկայացնէր Ծիլ կարգէն մինչեւ Ծաղիկ կարգի մեր աշակերտներուն գործունէութիւնները: Մինչ հանդիսատեսը սուզուած էր յիշատակներու ծովին մէջ, 53 շրջանաւարտ ծաղիկները կը շարուին բեմին վրայ, վարագոյրներու ետին: Կ’աւարտի ներկայացումը: Կը հնչեն Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգները, ու ապա վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարիգսեանը կ’ողջունէ ներկաները եւ պաշտօնապէս բացուած կը յայտարարէ հանդէսը:
Բացուեցաւ վարագոյրը: Շրջանաւարտները մեզ դիմաւորեցին իրենց անմեղ ժպիտներով, ապա հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով երգեցին եւ ասմունքեցին եւ հանդէսի առաջին բաժինը փակեցին հայկական պարով, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ:
Եւ կը հասնի սպասուած պահը: Տնօրէն Րաֆֆի Սարիգսեանի, փոխ տնօրէնուհի Զէլա Գագուսեանի եւ ծաղիկ կարգի ուսուցիչներուն ձեռամբ կը կատարուի վկայականներու բաշխումը:
Այսպէս, ծաղիկները հրաժեշտ տուին մանկապարտէզի ջերմ կեանքին ու ուրախ խաղերուն, եւ ցոյց տուին իրենց պատրաստակամութիւնը` անցնելու նախակրթարանի Ա. դասարան՝ հայկական պարով։
Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ Հոգշ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի սրտի խօսքով ու «Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ հոգեթով հանդիսութիւնը:
Յաջորդող Ուրբաթ օր, 13 Յունիսին, Գոլոլեան նախակրթարանի ընթացքը աւարտող 51 աշակերտներու Համազգային թատերասրահ հանդիսաւոր մուտքով եւ Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի օրհներգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ սկիզբ առաւ վարժարանիս 8-րդ կարգի հանդէս-վկայականներու բաշխումի երեկոն: Ձեռնարկը կը հանդիսավարէր վարժարանիս հայերէն լեզուի եւ գրականութեան վաստակաշատ ուսուցիչ տիկին Սիւզի Մելիտոնեանը:
Շրջանաւարտները հանդէս եկան ասմունքով: Երախտիքի խօսքեր արտասանեցին հայերէնով Այգ Ասիլեան, անգլերէնով Լարա Թորոսեան եւ ֆրանսերէնով Սեւանա Թութակեան:
Տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան, որ յայտնեց, թէ վարժարանիս համայնքը իր յաջողութիւնները կը պարտի աննման, ժրաջան եւ նուիրուած անձնակազմին: Սարգիսեան լուսարձակի տակ առաւ համայնքիս հեռատես եւ նուիրեալ ղեկավարներու տեսիլքն ու աշխատանքը, որով հիմը դրին այս վարժարանին: Ան նաեւ նշեց թէ 51 աշակերտներով այս հունձքը, վարժարանիս 46-ամեայ պատմութեան մէջ, կը ներկայանայ որպէս 8-րդ կարգի աւարտական մեծաթիւ հունձքը:
Ապա, 8-րդ կարգի ուսուցիչներուն, տնօրէնին եւ կրթական խորհուրդի ատենապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ մրցանակներու եւ վկայականներու բաշխումը:
Հոգշ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան արտասանեց իր սրտի խօսքն ու «Պահպանիչ»ը:
Շրջանաւարտներու հանդիսաւոր ելքով փակուեցաւ հանդիսութիւնը։
Եւ վերջապէս, Ուրբաթ, 20 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի վկայականներով արդէն զինուած, եւ երկրորդական վարժարանի ընթացքը աւարտած 27 պարման-պարմանուհիներ, շաբաթ մը ամբողջ հետեւելով երկրորդական կարգերու հայ գրականութեան եւ հայ դատի ուսուցիչ տիկին Աշխէն Մալխասեանի ցուցմուքներուն, հանդիսաւոր մուտքով շարուեցան Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահի բեմին վրայ: Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի օրհներգներէն ետք, տիկին Մալխասեան ողջունեց ներկաները եւ հաստատեց ներկայութիւնը գաղութիս հոգեւորականաց դասուն, Հայ կեդրոնի յարակից միութիւններու, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ներկայացուցիչներուն եւ բարերարներուն: Մալխասեան յայտնեց, որ այս 27 պարման-պարմանուհիները «մեր աչքերուն առջեւ կազմաւորուեցան եւ դաստիարակուեցան իբրեւ տիպար քաղաքացիներ ու հայրենասէր հայեր եւ այսօր հաստատ քայլերով պիտի շարունակեն իրենց երթը դէպի նորանոր բարձունքներ»:
Շրջանաւարտները հանդէս եկան բանաստեղծութիւններու կատարումով: Հրաժեշտի ուղերձներ արտասանեցին հայերէնով Արամ Ասիլեան, անգլերէնով Բալիկ Ասդուր եւ ֆրանսերէնով Գառնի Գույումճեան:
Բեմ հրաւիրուեցաւ տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան, որ նշեց, թէ այսօրուան ստանալիք վկայականներով շրջանաւարտները կը միանան ծանր պատասխանատուութիւններ կրող այն փաղանգին, որ իր յաճախած միջավայրերուն մէջ կը դառնայ հայ ազգի ու դատի առաքեալը եւ իր յաջողութիւնները միշտ կը ծառայեցնէ ազգի վերելքին, շեշտելով որ այդ ոգիով թորոնթոհայ համայնքը կրցած է գոյատեւել: Սարգիսեան վերյիշեցուց, որ անցեալ աւարտական հանդէսներուն վարժարանը ստեղծեց աւանդութիւն մը՝ յաջորդական հունձքերը անուանելու հայրենիքի տարածքներու կամ հերոսներու անուններով, ամրապնդելու մեր շրջանաւարտներու պահանջատէր ոգին. «Վկայակոչելով ձեր տարիներու ընթացքին ցուցաբերած ազգանպաստ գործերն ու ձեր բուռն հայրենասիրութիւնը, տպաւորուելով ձեր նուիրուածութեամբ, քաջ գիտնալով որ ձեր մէջ կ’ապրի եւ կը շարունակէ ծաղկիլ հայու հզօր ոգին, որով զինուած դուք պիտի սաւառնիք արիաբար դէպի ազգային եւ անձնական կեանքի նուաճումներ, ձեր հունձքը կ’անուանենք «Խրիմեան Հայրիկ» հունձք», ըսաւ ան:
12-րդ կարգի ուսուցիչներուն, տնօրէնին եւ կրթական խորհուրդի ատենապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ մրցանակներու եւ վկայականներու բաշխումը:
Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տէր Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանի սրտի խօսքէն եւ օրհնանքէն ետք, հնչեց «վերջին զանգ»ը, «Խրիմեան Հայրիկ» հունձքի շրջանաւարտները նետեցին իրենց գլխարկները, վերջին անգամ ըլլալով նկարուեցան ուսուցիչներուն հետ ու սրահէն դուրս ելլելով հայու հպարտութեամբ հրաժեշտ տուին վարժարանին՝ ուղուելու դէպի լուսաշող ապագայ:
ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարան
Լուսանկարները՝ Յարութ Յակոբեանի