Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ պիտի կայանան հանգանակային հաւաքներ ի նպաստ Լոռիի եւ Ջաւախքի օժանդակութեան ծրագիրներուն
1936
0
Յառաջիկայ Մարտին Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ պիտի կայանան Գանատայի «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբին կազմակերպած զեկուցական եւ հանգանակային հաւաքները՝ ի նպաստ Լոռիի եւ Ջաւախքի օժանդակութեան ծրագիրներուն։
Զօրակցական հանգանակային հաւաքներուն պիտի զեկուցէ Ջաւախքի Ֆոնտի Կեդրոնական Յանձնախումբի Ատենապետ Իվան Արտհալճեանը։ Հաւաքը Թորոնթոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի Մարտ 15, 2020-ին, Հայ կեդրոնի սրահէն ներս, Կեսօրէ ետք ժամը 1։30-ին, իսկ Մոնթրէալի մէջ տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի Մարտ 16, 2020-ին, Հայ կեդրոնի Ահարոնեան սրահէն ներս, Երեկոյեան ժամը 8։00-ին։
Նշենք, որ Գանատայի «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբը իր երկամեայ գործունէութեան ընթացքին հանգանակած է 100,000 տոլարէն աւելի գումար։