Թորոնթոհայերը 530 հազար ԱՄՆ տոլար հանգանակեցին «Հայաստան» Հանահայկական Հիմնադրամին

Նոյեմբեր 12-ին Թորոնթոյի մէջ կայացած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած հանդիսաւոր ճաշկերոյթին, աւելի քան 400 գանատահայեր իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ հանգանակեցին 530 հազար ԱՄՆ տոլար։ Ճաշկերոյթին ընթացքին տեղի ունեցաւ նաև աճուրդ, ուր Ֆութպոլիստ Հենրիխ Մխիթարեանի շապիկը վաճառուեցաւ 20 հազար ԱՄՆ տոլարի։

Հանդիսութիւնը նուիրուած էր Գանատայի 150-ամեակին եւ Թորոնթոյի «Հայաստան» հիմնադրամի 25-ամեակին, որուն ընթացքին հանդէս եկաւ նաեւ Գանատայի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեանը, որ յատկապէս շեշտեց Հիմնադրամի դերը անկախ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման ծիրէն ներս։

Թորոնթոյի «Հայաստան» հիմնադրամի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտչեանը մանրամասնօրէն ներկայացուց Թորոնթոյի կողմէ իրականացուած վերջին 12 ծրագրերը, նշելով, որ 25 տարիներու ընթացքին ընդհանուր 72 ծրագիր կեանքի կոչուած է թորոնթոհայերու հանգանակութիւններով։ Վերջին նախաձեռնութիւներն են՝ Ուխտասար գիւղի դպրոցի կառուցումը, շտապ օգնութեան մեքենայի նուիրաբերումը, Դադիվանք համայնքին ջրամատակարարման ապահովումը բնակարաններու կառուցում, Ուխտաձորի, Կուսապատի եւ Լուսաձորի մէջ, արտաքնոցներու կառուցում Շուշիի, Ամարասի եւ Դադիվանքի վանական համալիրներուն կից, բացօթեայ մարզահրապարակի կառուցում Նալբանդեան համայնքի դպրոցին համար, որ վերանորոգուցած եւ մասնակիօրէն վերակառուցուած է թորոնթոհայ բարերարներ Պերճուհի եւ Արմէն Նալպանտեաններու հովանավորութեամբ 2016 թուականին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.