Ըստ թուրք ազգայնամոլ ղեկավար Կէոքսել Կիւլպէյի՝ Թուրքիոյ մէջ Այսօր կ՚ապրի 37.055 ծպտեալ հայ ընտանիք

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ ծաւալած իր գործունէութեամբ եւ հակահայ տրամադրութիւններով յայտնի թրքական «ASİMDER» միութեան նախագահ Կէոքսել Կիւլպէյը անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ բնակող ծպտեալ հայերու հարցին:

«Էրմենիհապեր»-ի փոխանցմամբ, Կիւլպէյը նշած է, որ «հայերու տեղահանութեան» (այսինքն` Հայոց Ցեղասպանութեան) ժամանակ իրենց տուներէն հեռանալ չցանկացող հայերը քօղարկուած են քիւրտերու, ալեւիներու, թուրքերու անուան տակ եւ այսօր ծպտեալ հայերը Թուրքիոյ մէջ մեծ թիւ կը կազմեն: Որպէս ապացոյց թուրք գործիչը յիշեցուցած է նաեւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի նախկին փոխանորդ Արամ Աթէշեանի այն յայտարարութիւնը, թէ Թունջելիի բնակչութեան 90 տոկոսը հայեր են:

«ASİMDER»-ի նախագահի խօսքով` տարբեր ուսումնասիրութիւններու եւ հաշուարկներու համաձայն` Թուրքիոյ մէջ այժմ ընդհանուր առմամբ կ՛ապրի 37․055 ծպտեալ հայ ընտանիք:

«Այսպէս, Տիարպեքիրի 1.000 հայ ընտանիք կ՛ապրի քիւրտի, ասորիի կամ ալեւիի անուան տակ, Մալաթիոյ մէջ 3․655 հայ ընտանիք, Էլազըղի մէջ` 1000, Թունջելիի մէջ` 2․000, Սիիրթի մէջ ` 1․200, Երզնկայի մէջ (թրք․ Էրզինջան)` 1․300,  Սեբաստիոյ մէջ (թրք․ Սիւաս)` 2․000, Քահրամանմարաշի մէջ` 3․000 հայ ընտանիք իրենք զիրենք կը ներկայացնեն իբրեւ քիւրտ կամ ալեւի:

Կեսարիոյ մէջ կայ 5.000 հայ ընտանիք, որոնք քօղարկուած են իբրեւ  թուրք, Վանի մէջ 4․000, Ատըեամանի մէջ` 1․600 հայ ընտանիք ծպտուած է քիւրտի անուան տակ, Շանլըուրֆայի մէջ 3․000 ընտանիք կը ներկայանայ իբրեւ արաբ կամ քիւրտ, Մարտինի մէջ 1․500 հայ ընտանիք կը ներկայանայ իբրեւ արաբ, Ատանայի մէջ 2000 հայ  ընտանիք կը քօղարկուի քիւրտի, արաբի կամ ալեւիի անուան տակ»- յայտարարած է Կիւլպէյը:

Հայատեաց գործիչին պնդումով` մեծ թիւով հայեր կան Թուրքիոյ քրտամէտ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսկացութեան  (ԺԺԿ-HDP) եւ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորում համարուող «Քիւրտիստանի բանուորական» կուսակցութեան (ՔԲԿ-PKK) կազմին մէջ:

Կիւլպէյը նշած է նաեւ, որ իրենք ամենայն ուշադրութեամբ կը հետեւին ծպտեալ հայերուն եւ կը ցանկան, որ պետական կառոյցները համապատասխան միջոցներ ձեռք առնենք` զանոնք բացայայտելու ու վերահսկելու համար:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.