Ընդդիմութիւնը Երկրորդ Օրն Ըլլալով Շրջափակման Մէջ Պահեց Ազգային Ժողովի Բոլոր Մուտքերը

10 մարտ 2021-ին, Դեմիրճեան փողոցի եւ Բաղրամեան պողոտայի խաչմերուկէն սկիզբ առաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հանրահաւաքը, որուն մասնակիցները կը շարունակէին պահանջել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:

Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան հանրահաւաքի հարթակէն յայտարարեց, որ եթէ 2015 թուականին աւելի խելացի մարդիկ ղեկավարէին մեր ժողովուրդը, մենք այդ կորուստը չէինք ունենար: «Միշտ մարդոցմէ կախեալ է, չկայ հող կորսնցնելու պատմական անհրաժեշտութիւն: Նիկոլ Փաշինեանի որոշումներէն կախեալ էր, որ մենք պարտուեցանք», շեշտեց ան` դիտել տալով, որ պատերազմի կէսէն արդէն ոտքի պէտք է կանգնէինք, բայց փակած էին բոլոր լրատուական միջոցները: «Բանակը պէտք է իշխանութիւնը վերցնէր իր ձեռքը, պարզապէս շատ օրինապաշտ զինուորականներ էին», ընդգծեց ան:

Հանրահաւաքի մասնակիցները Բաղրամեան պողոտայէն երթով ուղղուեցան Սայաթ Նովա, Նալբանդեան, այնուհետեւ կառավարութեան շէնք, ապա կրկին վերադարձան Բաղրամեան պողոտայ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան նշեց, որ Բաղրամեան պողոտան եւ Դեմիրճեան փողոցը կը շարունակեն փակ մնալ:

«Այսօր ձեզ քիչ մը յոգնած կը տեսնեմ, նաեւ որոշակի ընկճուածութիւն կը տեսնեմ ձեր մէջ: Երէկ փակեցինք Դեմիրճեան պողոտան, որպէսզի թոյլ չտանք պատգամաւորներուն` մուտք գործել Ազգային ժողով: Անոնցմէ ոմանք տնտեսական մուտքով, այն մուտքով, որով սոխ, սխտոր, գետնախնձոր կը տեղափոխեն, այսօր որոշ ուսապարկեր այդ մուտքով տեղափոխուեցան խորհրդարան: Այդ պատգամաւորները կա՛մ ամէն օր հասարակութենէն պահուըտելով, հասարակութեան զայրոյթը տեսնելով, յաճախ նաեւ իրենց մաշկին վրայ զգալով պիտի շարժին, կա՛մ պիտի կանգնին Հայաստանի կողքին: Իրենք ունին մէկ ընտրութիւն` կա՛մ Նիկոլ, կա՛մ Հայաստան: Մենք մեր շարժումը սկսած ենք յանուն մեր հայրենիքի փրկութեան», շեշտեց Սաղաթէլեան:

Կառավարութեան շէնքին մօտ ալ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ Փաշինեան ամէն օր կը տապալէ Հայաստանի սահմանադրական կարգը: «Այսօր շարժումը պատասխանատուութիւն մը եւս ստանձնեց` մեր երկրին մէջ սահմանադրական կարգը վերականգնելու եւ պահպանելու համար», ըսաւ Սաղաթէլեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.