Էրտողանի Թուրքիան իր գործողութիւններուն մէջ առաւել անկանխատեսելի եւ անկաշկանդ պիտի ըլլայ

Ապրիլ 16-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական հանրաքուէի արդիւնքով երկիրը անցաւ նախագահական կառավարման համակարգի, որ կը նշանակէ նախագահի՝ այս պարագային Էրտողանի, լիազօրութիւններուն ընդլայնում եւ իր ձեռքին մէջ մեծ թիւով լծակներու կեդրոնացում:

Այն, որ «Այո» արդիւնք ստանալու համար Էրտողանն ու իր թիմակիցները օգտագործեցին տարաբնոյթ միջոցներ ու լծակներ՝ ազատութիւններու սահմանափակումներէն մինչեւ բռնաճնշումներ եւ ձերբակալութիւններ, երեւի ոչ ոքի համար կասկած չյարուցանեց: Այս մասին այսօր արդէն իսկ կը բարձրաձայնուի երկրի ընդդիմութեան կողմէ, որոնցմէ կարգ մը դէպքեր (քարոզչութիւն իրականացնելու համար անազատ մթնոլորտ, անհաւասար պայմաններ, լրագրողներու ձերբակալութիւններ եւ այլն) տեղ գտած են միջազգային դիտորդներու միջանկեալ զեկոյցներուն մէջ: Ու չնայած մեծ ջանքերուն՝ «Այո» քուէարկեց Թուրքիոյ քաղաքացիներուն ընդամէնը 51,42%-ը, որ յստակօրէն ցոյց տուաւ, որ երկրին մէջ այս հարցին շուրջ կայ բեւեռացած մօտեցում: Յատկանշական է, որ սահմանադրական փոփոխութիւններուն «Ոչ» քուէարկեցին երկրին 3 մեծ քաղաքները՝ Անգարան, Սթանպուլը, Իզմիրը. քաղաքներ, ուր կը բնակին երկրի առաջադէմ հատուածը եւ որ, ամենայն հաւանականութեամբ, ականատես ըլլալով Էրտողանի վարած քաղաքականութեան, պատկերացուց, թէ ինչի՛ կրնայ յանգեցնել մենիշխանութեան հաստատումը երկրին մէջ:

Սահմանադրական փոփոխութիւններուն դէմ քուէարկեց նաեւ քրտական բնակավայրերու 60%-ը: Յատկանշական է, որ 40% «Այո»ն էապէս աւելի մեծ թիւ է 2015 թ.-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան օգտին քիւրտերուն տուած ձայներուն հետ համեմատած: Ի հարկէ, հաշուի առնելով քիւրտերուն նկատմամբ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը յատկապէս վերջին շրջանին, գուցէ եւ կ’ակնկալուէր, որ «ոչ» քուէարկողներուն թիւը աւելի մեծ ըլլար, սակայն տեղի ունեցաւ հակառակը, քանի որ քիւրտերուն շրջանին ստեղծուած վախի մթնոլորտը ընթացաւ յօգուտ Էրտողանի:

Ինչպիսի՞ ներքաղաքական զարգացումներ կարելի է ակնկալել սահմանադրական հանրաքուէէն ետք:

Չնայած այս օրերուն տեղի ունեցող բողոքի շարժումներուն, հազարաւոր մարդոց փողոց դուրս գալուն ու ընդդիմութեան՝ Սահմանադրական դատարան դիմելուն, ամենայն հաւանականութեամբ, Էրտողան կը յաջողի հանգստացնել կիրքերը: Այս, ի հարկէ, տեղի կ’ունենայ ոչ թէ պահանջները բաւարարելու, այլ պարտադրանքի միջոցով, ինչպէս սովորաբար նման հարցերը կը լուծուին Թուրքիոյ մէջ: Ներքաղաքական բուռն զարգացումներ հնարաւոր կ‘ըլլար ակնկալել միայն այն պարագային, եթէ ըլլար արտաքին միջամտութիւն, սակայն այսօրուան աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն պարագային այդ մէկը չի բխիր ուժային կեդրոններէն եւ ոչ մէկուն շահերէն:

Ինչ կը վերաբերի քիւրտերուն, ապա ստեղծուած իրավիճակին մէջ անոնց կը մնայ երկու տարբերակ՝ կա՛մ կրկին զէնքը վերցնել եւ պայքարիլ, կա՛մ ալ շարունակել ապրիլ աստիճանաբար ոչնչանալու սպառնալիքին ներքոյ: Տարբերակներ, որոնցմէ եւ ոչ մէկը լաւատեսութիւն չի ներշնչեր:

Անդրադառնալով ստեղծուած իրավիճակին մէջ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան եւ անոր հնարաւոր փոփոխութիւններուն՝ պէտք է նախեւառաջ հաշուի առնել կարեւոր հանգամանք. լիազօրութիւններու ընդլայնումն ու լծակներու մեծացումը Էրտողանը այսուհետ կը դարձնեն առաւել անկանխատեսելի, իսկ տարաբնոյթ իրադարձութիւններուն վերջինիս արձագանքն՝ ալ աւելի արագ:

Այս առումով պէտք չէ բացառել, որ ԱՄՆ հետ յարաբերութիւններուն՝ նախապէս վարած քաղաքականութեան մէջ էական փոփոխութիւններ չմտցնելով, Էրտողանը յստակ հարցերու հետ կապուած առաւել թիրախաւորուած եւ կոշտ քայլեր իրականացնէ: Խօսքը մասնաւորապէս կը վերաբերի Կիւլէնի արտայանձնման հարցին, որ առաւել գործնական դարձաւ յեղաշրջման տապալած փորձէն ետք, սակայն դեռեւս վերջնական լուծում չէ ստացած:

Առաւել բարդ իրավիճակի են Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւնները: ԵՄ-ը կը շարունակէ քննադատել Թուրքիան՝ ժողովրդավարական, Եւրոպական արժեհամակարգին հակասող գործողութիւններ իրականացնելուն համար, նշելով որ այդ կերպով ԵՄ անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները չեն կրնար առաջ ընթանալ: Թուրքիան ալ իր հերթին կը սպառնայ Եւրոպային՝ չեղարկել գաղթողներուն գործարքը՝ միեւնոյն ժամանակ լրջօրէն չվերաբերելով հնչող քննադատութիւններուն հանդէպ: Այնուամենայնիւ, պէտք է նշել, որ չնայած երկկողմ դժգոհութիւններուն եւ առկայ լարուած իրավիճակին՝ ԵՄ-ը եւ Թուրքիան միմեանց համար ունին կարեւոր նշանակութիւն, իսկ այս մէկին կը գիտակցին երկու կողմերն ալ: Այսպիսով կը բացատրուի այն հանգամանքը, որ անոնցմէ ոչ մէկը կը դիմէ կտրուկ քայլերու՝ սահմանափակուելով միայն յայտարարութիւններով:

Այս ամէնով պայմանաւորուած է սահմանադրական հանրաքուէէն ետք Էրտողանի բաւականին հետաքրքրական քայլը: Յեղաշրջման փորձէն ետք Էրտողանը մի քանի անգամ յայտարարեր էր մահապատիժի վերականգնման ծրագիրներու մասին, որոնց մասին բարձրաձայնեց նաեւ հանրաքուէէն ետք՝ այս անգամ արդէն իսկ խօսելով անոր շուրջ հնարաւոր հանրաքուէի անցկացման մասին: Հաշուի առնելով Էրտողանի այսքան տարիներու քաղաքականութիւնը՝ չի բացառուիր, որ այս մէկը նպատակ կը հետապնդէր հանրաքուէին շուրջ եղած աղմուկէն շեղել միջազգային հանրութիւնը, մասնաւորապէս ԵՄ ուշադրութիւնը: Շահարկելով այս հարցը, որոշ ժամանակ անց, ամենայն հաւանականութեամբ, իբրեւ «բարի կամքի դրսեւորում», Էրտողանը պարզապէս կը հրաժարի մահապատիժի վերականգնման գաղափարէն, ինչ որ ողջունելի կ’ըլլայ Եւրոպայի կողմէ: Այս հնարքը, կարծես թէ, կը յաջողի: Հետաքրքրական է, որ Թուրքիոյ հանրաքուէէն ետք Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի յայտարարութեան մէջ բաւական մեծ ուշադրութիւն յատկացուած էր յատկապէս մահապատիժի վերականգնման խնդրին, որ ըստ Օլանտի, կը հակասէ Թուրքիոյ ստորագրած ԵԽ համաձայնագրին եւ առհասարակ եւրոպական արժէքներուն:

Անդրադառնալով միւս ուժային կեդրոնին՝ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն, պէտք է նշել, որ այստեղ լուրջ փոփոխութիւններ հազիւ թէ կարելի է ակնկալել: Թուրքիան կը շարունակէ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու ջերմացումը, քանի տակաւին անոնք չեն հակասեր իր շահերուն:

Ինչ կը վերաբերի տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ քաղաքականութեան, ապա, Էրտողանի անձով պայմանաւորուած՝ լիազօրութիւններու ընդլայնումը Թուրքիան կը դարձնէ առաւել անկանխատեսելի եւ անկաշկանդ: Այս մէկը, բնականաբար, առաջին հերթին կ’ընդգծուի տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեամբ: Այս առումով բացառութիւն չեն կազմեր նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւնները:

Այսպիսով, պէտք է փաստել, որ սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք աշխարհը այլեւս գործ ունենալու է նոր Թուրքիոյ մը հետ, որ իր գործողութիւններուն մէջ առաւել կտրուկ, անկաշկանդ եւ արագ արձագանգող պիտի ըլլայ:

Գրետա Աւետիսեան

 «Հայեացք» վերլուծական կեդրոնի փորձագէտ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.