ԶՕՐԱԿՑԻՆՔ ԱՐՑԱԽԻՆ. Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութեան կոչը

Սիրելի Հայրենակիցներ,

Սեպտեմբեր 27 ի առաւօտեան՝ Արցախի դէմ գործադրուող վերջին իրադարցութիւններուն առ ի հետեւանք, Հայ Օգութեան Միութիւնը  որոշած է դրամահաւաք կազմակերպել, միասնական ճիգերով նպաստելու  մեր բանակին, կամաւորներուն ու տեղահան եղած հայրենակիցներուն:

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը կոչ կ’ուղղէ իր անդամներուն եւ ազգայիններուն, անյապաղ օգնութեան ձեռք երկարելու Արցախահայութեան:

Այս ճակատագրական օրերուն, բոլորիս նիւթական անմիջական ներդրումը անհրաժեշտ է, որ պիտի օժանդակէ պատերազմի արիւնոտ բովէն անցած մեր խիզախ զինուորներուն եւ Արցախահայութեան անմիջական կարիքներուն, սնունդ, բնակարան, դեղորայք, եւ բժշկական իրեր ապահովելու, Արցախի ու Հայաստանի հիւանդանոցներուն, ի մասնաւորի՝ Երեւանի Հայ Զինուորի Վերականգնողական Կեդրոնին:

Վստահ ենք որ անգամ մը եւս Գանատայի մեր հայրենակիցներն ու անդամները     անվերապահօրէն պիտի օժանդակեն դրամահաւաքի աշխատանքներուն:

Ձեր նիւթական օժանդակութիւնը կրնաք ուղարկել.-

 

  • Վճարագրով՝ ARS Foundation-ին,

հետեւեալ հասցէին՝

Armenian Relief Society of Canada

3401 Olivar Asselin

Montreal, QC

H4J 1L5

  • Այցելելով ՀՕՄի Գանատայի Շրջանի կայքէջը՝

https://www.canadahelps.org/en/dn/39733, սեղմելով Donate Now կոճակը:

  • Etransfer ով, ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան ել-նամակով՝

ars-canada@bellnet.ca հասցէին:

Բոլոր պարագաներուն կը խնդրենք նշել, թէ դուք ձեր նուիրատուութիւնները կը կատարէք Արցախի Օժանդակութեան AID FOR ARTSAKH:

Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.