«Զարմանալի Է, Որ Առաջին Հերթին Կացինն Իջաւ Հայագիտական Առարկաների Վրայ»
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտի խումբ մը մասնագէտներ 13 Նոյեմբերին տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անընդունելի նկատեցին վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած «Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին» Հայաստանի օրէնքի նախագիծի շարք մը դրոյթները:
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան յայտնեց, որ զարմանալիօրէն հայագիտութեան ոլորտի մասնագէտները անկախութեան երրորդ տասնամեակի աւարտին տակաւին զբաղած են հայագիտութիւնը պաշտպանելու հարցով։ Ան նշեց, որ լուծում պահանջող շատ հարցեր կան, նաեւ՝ գիտութեան, կրթութեան ոլորտին մէջ, սակայն զարմանալի է, որ առաջին հերթին կացինը իջաւ հայագիտական առարկաներուն վրայ։ «Անընդհատ լինում ենք զօրամասերում: Եկէք, տեսէք, թէ ինչպէս են հայ զինուորներն ընկալում հայոց պատմութեան, հայագիտական բնոյթի դասախօսութիւնները, որովհետեւ կարօտ են այդ ամէնին: Նոյնը, հաւատացնում եմ ձեզ, ոչ-մասնագիտական ֆակուլտետներում (կաճառներու մէջ-Խմբ.) է: Եկէք, տեսէք՝ լսարանը դատարակ կը լինի՞, թէ՞ լեցուն», ըսաւ ան՝ նշելով, թէ այս բոլոր բողոքի ձայներուն անլսելի մնալը մտածել կու տայ, որ եղածը ծրագրաւորուած է։
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիքթոր Կատուալեան ըսաւ, որ հասարակութեան լայն զանգուածները կը մերժեն այս նախագիծը, որ ի սկզբանէ սխալ էր եւ անընդունելի։ Ըստ անոր՝ հայոց լեզու եւ գրականութիւն, հայոց պատմութիւն նիւթերը կը ձեւաւորեն լայն աշխարհայեացք, ազգային նկարագիր ունեցող, բարեկիրթ անձնաւորութիւններ. «Առանց հայագիտական առարակների չեմ պատկերացում նորմալ մասնագէտ, որ պէտք է պատրաստի մեր կրթական համակարգը», յայտնեց ան։
Մանկավարժական համալսարանի պատմութեան եւ իրաւագիտութեան բաժանմունքի նախագահ Էդգար Յովհաննիսեանի համաձայն՝ այս հարցին մէջ ոլորտի մասնագէտները, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնները միասնական են, չկայ կառոյց մը, որ այս հարցին մէջ իրենց հետ չէ: «Եթէ ունենալու ենք տեխնոկրատական (գիտարուեստի փորձագէտ-Խմբ.) հասարակութիւն, թռիչքաձեւ տնտեսական զարգացում, ով ասաց, որ ապագայ մասնագէտները չպէտք է իմանան իրենց երկրի պատմութիւնն ու մայրենի լեզուն», յայտնեց Է. Յովհաննիսեան:
Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան յայտնեց, որ նախագիծը հրապարակելէ ետք իրենք հանրային քննարկում կազմակերպած են, սակայն արդիւնքը անհանգստացնող է: «Հայ ժողովրդի յիշողութիւնը վիրաւոր վիճակում է: Ինքնութեան հիմնական արմատները մեր յիշողութեան մէջ են կուտակուած, դրանից է գրականութիւնը, հոգեւոր աշխարհը ծլում: Երբ մի փոքր հով է դիպչում, պատասխանը շատ հզօր ալիքներ է տալիս: Հարցը որոշողները պէտք է լրջօրէն դիտարկեն», նշեց ան:
ԳԱԱի Գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան ընդգծեց, որ տարիներու ընթացքին հասած են այն փուլին, որ հայերէնը դարձած է գիտութեան լեզու: «Հայոց լեզուն որպէս պարտադիր առարկայ չդասաւանդելը, անթոյլատրելի եմ համարում մասնագիտական առումով: Լեզուն առաջին հերթին հաղորդակցման միջոց է: Այն չդասաւանդելով բուհերում՝ տարբեր ոլորտների մասնագէտները չեն կարողանայ իրենց մտքերն արտայայտել կամ հայերէնով գրել», նշեց գրականագէտը: