Զարթի՛ր, լաօ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Այո՛, ապրիլ է դարձեալ…

Որքա՜ն ժամանակ ան ամիսն էր ողբի, յուշի ու սուգի։ Ի՜նչ հեգնանք, սգատօն կ՚ըսէինք, տօ՛ն եւ սո՜ւգ։

Ո՛չ այլեւս։

Ան վերապրելո՛ւ ամիսն է, ապրելո՛ւ։

Մահուան՝ կեա՛նքը հակադրելու։

Անկումին՝ վերականգնո՛ւմը։

Քանդումին՝ կերտո՛ւմը։

Բայց մանաւանդ ամիսն է անդրադառնալու։

Անդրադառնալու որ այսօր մենք կանգնած ենք պարտաւորութեան առջեւ յաղթահարելու մեր պարտութիւնները, մեր թշնամիները։

Յաղթահարելու ոչ միայն արտաքին թշնամիները, որոնք նոյնն են մնացեր ահա արդէն երկար դարեր, այլեւ յաղթահարելու ներքին թշնամիները, որ մենք իսկ ենք։

Առաջնահերթութիւնները այդ ներքին թշնամիները յաղթահարելն է, անոնցմէ ձերբազատիլը։

Այո՛, տակաւին կը շարունակուի Ցեղասպանութիւնը, բայց այլեւս առաջին հերթին մե՛ր իսկ ձեռքով։

Այո՛, թշնամին յարձակումներ կր գործէ մեր տարածքներուն վրայ, հողեր կը գրաւէ, հայեր կը սպանէ, կոթողներ կը փշրէ, բայց մենք աւելի մեծ տարածքներ վրայ կու տանք, աւելի մեծ թիւով կը պակսեցնենք մեր համրանքը, աւելի փութկոտութեամբ կը հրաժարինք մեր ժառանգութենէն։ Այդ «մենք»-ին մէջ նկատի չունիմ մեր երկրի գահերուն բազմած իշխանաւորները, կամ զանոնք միայն, այլ մեզ բոլորս, արար աշխարհ՝ ամեն երկինքի տակ ծուարած մեր ազգակիցներով։

Այդպէս չէ՞։

Այդպէ՛ս է, երբ կը լքենք մեր ոսկեղինիկ լեզուն կամ զայն այնքան կ՚աղճատենք, որ կը սկսինք կասկածիլ, թէ որքան է հայերէն ու որքան՝ այլերէն։ Վայերէ՜՜՜ն։

Այդպէ՛ս է, երբ չենք կարդար հայերէն, չենք գրեր հայերէն։ Նոյնիսկ չենք աղօթեր Աստուծոյ հետ խօսուելիք միակ լեզուով, որ մերն իսկ է։

Այդպէ՛ս է, երբ մեր պատմութեան կը մնանք անծանօթ, մեր արութեան գործերուն անտեղեակ, ու մեր յաղթանակներով պարծենալու փոխարէն մեր պարտութիւններով նուաստ կը զգանք, կը վհատինք, կը համակերպինք։

Այդպէ՛ս է, երբ հաւատարիմ կը մնանք մեր օտարամոլութեան, արգահատանք կը տածենք Հայուն, Հայկականին նկատմամբ։

Այդպէ՛ս է, երբ ամեն ինչ սեւ կը տեսնենք հայ կեանքին մէջ, կը մերժենք այդ սեւութենէն երանգ մը իսկ դէպի սպիտակը տանիլ, բան մըն ալ մե՛նք ստանձնել այդ ուղղութեամբ։

Այդպէս է, երբ մաս չենք կազմեր մեր կազմակերպութիւններուն, մեր եկեղեցիներուն, մեր ամեն ինչին։

Այդպէ՛ս է, երբ մեր ո՛չ բարոյական, ո՛չ ալ նիւթական ներդրումը կ՚ունենանք մեր հաւաքական կեանքին մէջ, ոչ մէկ ուշադրութիւն կը դարձնենք ազգային կարիքներուն, ոչինչ կը տեսնենք մեր սեփական բարօրութենէն ու հաճոյքներէն անդին։

Այդպէ՛ս է, երբ հեռու կը մնանք մեր համայնքներէն ու կ՚ուզենք ժամ առաջ մեր վրայէն թօթափել հայու ամեն համ ու բոյր, կ՚ուզենք նոյնանալ մեզ շրջապատող ընդհանրութան հետ, կորսուիլ, անէանալ։

Այդպէ՛ս է, երբ մեր զաւակներն ալ հեռու կը պահենք իրենց ինքնութենէն, իրենց ծնունդէն իսկ կը զրկենք զիրենք այդ ինքնութիւնը արտայայտող հարազատ անուններէն անգամ, կը զլանանք անոնց կրթութիւնն հայեցի, «այդքա՛ն հայ ըլլալու պէտք չունին անոնք»,– կը մտածեն մեզմէ ոմանք, «բնաւ հայ ըլլալու պէտք չունին»,– կը հաւատան շատ ուրիշներ։

Այդպէ՛ս է տակաւին, երբ հայ ընտանիք չենք կազմեր, ընտանի՛ք չենք կազմեր, նոր սերունդ չենք մատուցեր մեր ազգին։

Այո՛, այդպէս է, որ մեր այս կեցուածքներն ալ կ՚արդարացնենք միշտ ուրիշներուն վերագրելով անոնց շարժառիթները, քննադատելով գործողները բայց ոչ մենք զմեզ՝ «անգործներս», առանց վայրկեան մը անդրադառնալու, թէ մե՛նք ենք, մե՛նք ենք մեր թշնամին թիւ մէկ։

Եւ այսպէ՛ս կը շարունակուի Ցեղասպանութիւնը։

Պէտք կա՞յ ըսելու «Զարթի՛ր, լաօ…»։

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.