«Զանգեզուրի Միջանցք»ը Նպատակ Ունէր Մասնատել Հայաստանը Եւ Իրանի Կապը Եւրոպայի Հետ Կտրել. Թեհրան
- (0)

Իրանի գերագոյն առաջնորդի միջազգային գործերու գծով խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթի «Թասնիմ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Իրան արագ եւ վճռական արձագանգած է Հարաւային Կովկասի մէջ ճգնաժամին։ Երբ որոշ երկիրներ փորձեցին կապ ստեղծել Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Հայաստանի միջոցով` «Զանգեզուրի միջանցք» անունին տակ, ծրագիր մը, որ իրականութեան մէջ կը նպատակադրէ մասնատել Հայաստանը եւ Իրանի կապը Եւրոպայի հետ կտրել, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը զգօնութեամբ եւ հեղինակութեամբ դիմակայեց զայն՝ խափանելով այս դաւադրութիւնը:
«Ինչպէս խոստովանած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, ամէն ինչ պատրաստ էր այս միջանցքը գործարկելու համար, սակայն, Իրան թոյլ չտուաւ, որ անիկա կեանքի կոչուի: Այս յայտարարութիւնը ցոյց կու տայ, որ Իսլամական Հանրապետութիւնը, նոյնիսկ առանց Ռուսիոյ աջակցութեան, կրցաւ պահպանել Կովկասի ապահովութիւնը իմաստուն քաղաքականութեան միջոցով եւ կանխել ՆԱԹՕի ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Իրանի խելացի ներկայութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ ոչ միայն կը պաշտպանէ ազգային շահերը, այլ նաեւ հանդէս կու գայ իբրեւ ուժեղ արգելք տարածաշրջանին մէջ արտաքին ազդեցութեան դէմ», ընդգծեց Վիլայեթի, ըստ որուն, Զանգեզուրի նախագիծին վերաբերող թշնամիներու վերջնական նպատակ հիւսիսէն Իրանը մեկուսացնելը եւ հարաւէն Ռուսիան շրջապատելն էր, սակայն այս նախագիծը ձախողեցաւ: