Եօթ քաղաքական ուժեր դիմեցին Սահմանադրական Դատարան՝ վիճարկելով ընտրութիւններուն արդիւնքները
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ — Եօթ քաղաքական ուժեր դիմեցին Սահմանադրական Դատարան՝ վիճարկելով յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները եւ պահանջելով զանոնք անվաւեր ճանաչել։ Դիմողներուն մէջ են խորհրդարան անցած «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանէն դուրս մնացած հինգ ուժեր։
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հրապարակած արդիւնքներուն համաձայն՝ Ազգային ժողովին մէջ Քաղաքացիական Պայմանագիրը ստացած է 64 աթոռ, «Ուժեղ Հայաստան»-ը՝ 29, իսկ «Հայաստան» դաշինքը՝ 12։
Դիմող ուժերը կը մատնանշեն վարչական միջոցներու չարաշահում, հանրային լրատուամիջոցներու անհաւասար օգտագործում, ատելութեան խօսք, ընտրակաշառքի վերաբերեալ պնդումներ եւ երեք ընտրատեղամասերու մէջ վերաքուէարկութիւն չկազմակերպելու մասին Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի խնդրայարոյց որոշումը։
Սահմանադրական Դատարանը պարտաւոր է որոշում կայացնել դիմումի մուտքագրման օրէն ոչ ուշ, քան 15 օրուան ընթացքին։
Սահմանադրական Դատարանը յայտնեց, որ քանի որ ներկայացուած դիմումները կը վերաբերին նոյն հարցին, «Սահմանադրական Դատարանի մասին» սահմանադրական օրէնքի 41-րդ յօդուածին համաձայն՝ դիմումները միաւորուած են եւ պիտի քննուին նոյն դատական նիստի ընթացքին։ Նիստը տեղի պիտի ունենայ յունիս 26-ին, ժամը 11:00-ին։