Եւրոպահայերու չորրորդ համագումարը տեղի կ’ունենայ հոկտեմբեր 16 – 17-ին

Հոկտեմբեր 16 – 17, 2017-ին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի կազմակերպութեամբ, պիտի գումարուի եւրոպահայութեան չորրորդ համագումարը։ Այս համագումարը Եւրոպայի մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններուն կողքին, Հայաստանէն, Արցախէն, Եւրոպայէն, Միացեալ նահանգներէն եւ այլ շրջաններէ հասարակական գործիչներ, քաղաքագէտներ եւ գիտնականներ պիտի համատեղէ Պրիւքսէլի մէջ:

Ողջոյնի խօսքերով ելոյթ պիտի ունենան՝ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու բարձրագոյն մակարդակի քաղաքական ներկայացուցիչներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ Ս. Էջմիածնի Կաթողիկոսութիւններէն բարձրագոյն ներկայացուցիչներ, Եւրոխորհրդարանէն ներս Եւրոմիութիւն – Հայաստան եւ Եւրոմիութիւն – Արցախ բարեկամութեան խումբերու նախագահներ եւ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

Համագումարին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Եւրոմիութեան բարձր մակարդակի աշխատակիցներ, Եւրոխորհրդարանի քաղաքական խումբերու ներկայացուցիչներ, Եւրոխորհրդարանի անդամներ, խորհրդարանական պատուիրակութիւններու եւ կուսակցութիւններու անդամներ, ղեկավարներ՝ քաղաքական ոլորտի բոլոր խաւերէն՝ թէ Եւրոմիութենէն եւ թէ Հայաստանէն։

Երկուշաբթի հոկտեմբեր 16-ին տեղի ունենալիք երեք նիստերը պիտի գումարուին Պրիւքսէլի Հայ տան սրահէն ներս, եւրոպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ, եւ պիտի կեդրոնանան Եւրոպայի տարածքին բնակող հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ: Պիտի քննարկուին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան եւ հատուցման գործընթացները, Եւրոպայի մէջ թուրքեւատրպէյճանական լոպիինկը եւ Հայապահպանումը Եւրոպայի մէջ:

Առաջին այս օրուայ աշխատանքային լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը, իսկ պատգամաբերները պիտի ըլլան Հայ Դատի, գաղութային եւ հայապահպանման գործերով առնչուած զանազան մասնագէտներ՝ Հայաստանէն եւ Եւրոպայէն:

Յաջորդ օրուան՝ հոկտեմբեր 17-ի երկու նիստերը տեղի պիտի ունենան Եւրոխորհրդարանէն ներս։ Առաջին օրակարգին նիւթը պիտի ըլլայ «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում՝ հանգրուաններ եւ մարտահրաւէրներ» (Armenian Genocide Recognition: Milestones and Challenges), որուն ընթացքին բացի Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման նիւթերէն, պիտի քննարկուին նաեւ պահանջատիրութիւնը իրաւական դաշտ փոխադրելու գործընթացին հոլովոյթը եւ Թուրքիոյ հայ գաղութի դժուարութիւնները:

Օրուայ երկրորդ օրակարգին ընթացքին պիտի քննարկուի «Հարաւային Կովկաս՝ Լուսանցքայնացում եւ նոր հեռանկարներ» (South Caucasus: Marginalization & New Perspectives) նիւթը, որուն ընթացքին տարածաշրջանին զարգացման, խաղաղութեան, Եւրոմիութիւն – Հայաստան յարաբերութիւններու եւ Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման նիւթերը պիտի արծարծուին: Երկրորդ օրուայ աշխատանքային լեզուն պիտի ըլլայ անգլերէնը եւ ֆրանսերէնը:

Համագումարին մասնակցելու համար կը խնդրուի արձանագրուիլ մինչեւ սեպտեմբեր 29 contact@eafjd.eu հասցէին, ուղարկելով հետեւեալ տեղեկութիւնները՝ անուն, ազգանուն, ծննդեան թուական, քաղաքացիութիւն եւ անցագրի թիւ: Վիզայի կարիք ունեցող մասնակիցները, արձանագրութեան ընթացքին պէտք է տեղեակ պահեն մեզ, եւ ուղարկեն նաեւ իրենց անցագրի պատճէնը: ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակ 5 յուլիս 2017, Պրիւքսէլ

ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.