Եւրոպական Խորհրդարանը Դատապարտած Է Արցախի Մէջ Հայկական Մշակութային Արժէքներու Ոչնչացման Ուղղուած Ազրպէյճանի Շարունակական Քաղաքականութիւնը

Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրած է «Մշակոյթի համար նոր եւրոպական օրակարգի եւ միջազգային մշակութային յարաբերութիւններու համար Եւրոպական Միութեան նոր ռազմավարութեան իրականացում» բանաձեւը:

Բանաձեւին մէջ անդրադարձ կը կատարուի հակամարտային գօտիներու մէջ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան հարցերուն եւ կը դատապարտուի վերջին տագնապներուն ժամանակ պատմական, գեղարուեստական եւ մշակութային ժառանգութեան նպատակաուղղուած ոչնչացումը:

Եւրոպական խորհրդարանի անվտանգութեան ու պաշտպանութեան հարցերով ենթայանձնախումբի նախագահ Նաթալի Լուազոյի (Ֆրանսա) ստորագրած եւ նոյն խմբակցութեան անդամ Փեթրաս Աուսթրեւիչուսի (Լիթուանիա) կողմէ համաստորագրուած լրամշակման հիման վրայ յստակօրէն կը քննադատուի նաեւ Արցախի մէջ հայկական մշակութային արժէքներու ոչնչացման ուղղուած Ազրպէյճանի շարունակական քաղաքականութիւնը:

Բանաձեւի 78-րդ կէտին մէջ կը նշուի.

«Եւրոպական խորհրդարանը յանձնաժողովին կոչ կ՛ուղղէ խստիւ դատապարտելու վերջին տագնապներուն ընթացքին պատմական, գեղարուեստական եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ պատմական, գեղարուեստական եւ մշակութային ժառանգութեան համակարգուած եւ քաղաքական կամ գաղափարական շարժառիթներով նպատակաուղղուած ոչնչացումը:

«Եւրոպական խորհրդարանը յանձնաժողովին կոչ կ՛ուղղէ` խստիւ դատապարտելու նաեւ գերիշխան պետութիւններու, ժողովուրդներու կամ փոքրամասնութիւններու ինքնութեան եւ մշակոյթի արմատապէս վերացումը, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շրջակայքը հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու եւ ժխտելու Ազրպէյճանի շարունակական քաղաքականութիւնը»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.