Եւրոպական Խորհուրդի Նախարարներու Յանձնախումբի Նախագահը Կոչ Կ՛ուղղէ` Բանալու Բերձորի Միջանցքը

«Ես մտահոգ եմ Լաչինի միջանցքի միամսեայ շրջափակման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի հետզհետէ աւելի ծանրացող մարդասիրական կացութեամբ», յայտարարած է Իսլանտայի արտաքին գործոց նախարար եւ Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու յանձնախումբի նախագահ Տորտիս Քոլպրուն Ռէյքֆիորտ Կիլֆատոթիրը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը կացութեան հետագայ վատթարացումէն խուսափելու համար կոչ ուղղած է անյապաղ վերականգնելու միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնը` կողմերը յորդորելով մտահոգութիւնները լուծել երկխօսութեան միջոցով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.