Երեսփոխան Նորա Արիսեանի նախաձեռնութեամբ Սուրիոյ վարժարաններու դասագիրքերուն մէջ տեղ գտաւ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը
Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, ցեղասպանագէտ, պատմաբան, դոկտոր Նորա Արիսեան 2017-էն սկսեալ մէկէ աւելի անգամներ ( 21 Փետրուար եւ 20 Սեպտեմբեր 2017) Սուրիոյ խորհրդարանի նիստերուն ընթացքին իր ելոյթներով պահանջած էր Սուրիոյ դպրոցական դասագիրքերուն մէջ ներառել Օսմանեան Կայսրութեան գործած ոճիրներուն հետեւանքները Սուրիոյմէջ, հայ ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ սուրիական ընկերութեան բազմազանութիւնը ներկայացնող հատուածներ: Ան այս պահանջով դիմած էր նաեւ Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան «Ուսումնական Ծրագրերու Վերամշակման Ազգային Կեդրոն»:
Այնուհետեւ մասնագէտներու հետ երկարատեւ նիստերէ եւ քննարկումներէ, ինչպէս նաեւ 31 Յունուար 2019-ին Սուրիոյ մէջ պատմութեան դասագիրքերու վերամշակման առիթով տեղի ունեցած յատուկ սեմինարին Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթի արծարծումէն ետք, կեդրոնը վաւերացուց 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանի երկրորդականի աւարտական դասարաններու՝ պաքալորիայի, պատմութեան դասագիրքերուն մէջ ներառել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ներկայացնող նիւթեր:
20-րդ դարուն սկիզբը հայ ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած սպանդները նկատի ունենալով, պատմութեան վերամշակուած դասագիրքին «Քաղաքական Տեղաշարժեր» բաժինի «Քաղաքակրթական Միասնութիւն» գլխուն տակ կը յիշուի, որ որեւէ երկրի քաղաքակրթութեան բազմազանութիւնն ու տարբեր քաղաքակրթութիւններու ներդաշնակութիւնը անոր ընկերութեան ամրապնդման կը նպաստեն։ Ապա կը ներկայացուի Միութիւն եւ Յառաջադիմութիւն («Իթթիհաթ վէ Թարաքքի») կուսակցութեան վարած կամայական քաղաքականութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան շրջանի փոքրամասնութիւններուն դէմ, ինչպէս նաեւ 1915-ին իրականացուցած Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու հայ ժողովուրդին դէպի Սուրիա տարագրութիւնը։
Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը սուրիական աղբիւրներու տեսանկիւնէն ներկայացնելու համար՝ դասագիրքի վերոնշեալ հատուածին մէջ կը մէջբերուին սուրիացի պատմաբան Մուհամմէտ Քըրտ Ալիի վկայութիւնները:
Ապա ակնարկութիւն կը կատարուի հայերուն, որպէս Սուրիոյ քաղաքացիներ, երկրի մշակութային, տնտեսական եւ այլ բնագաւառներուն բերած ներդրումին եւ 1928-էն ի վեր Սուրիոյ խորհրդարանէն ներս մշտական ներկայութեան։
Սուրիոյ կրթական ծրագիրին մէջ կատարուած այս փոփոխութեան լոյսին տակ, Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանի տարիներու հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ սուրիական դպրոցներու ուսումնական ծրագրերուն մէջ, պաքալորիայի պատմութեան դասագիրքերուն միջոցով պիտի դասաւանդուի Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը:
Այլ խօսքով, աննախադէպ այս քայլով Սուրիոյ աշակերտները պատմութեան դասապահերուն վերջապէս վաւերական եւ գիտական տուեալներով իրազեկ պիտի դառնան Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան: