Երբ անհանդուրժողութիւնը կը դարձնեն հանդուրժելի. Խմբագրական

Մինչ մարդիկ կը քնանային՝ թշնամին եկաւ,

որոմ ցանեց ցորենին մէջ եւ գնաց:

Մատթէոս 13:25

Մայիս 18ին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի դէմ կատարուած յարձակումը իր բովանդակ իմաստով յանցագործութիւն է եւ իբրեւ այդպիսին՝ խիստ դատապարտելի։ Արցախեան Ազատամարտին իր ներդրումը կատարած Դաշնակցական քաղաքական գործիչին դէմ կատարուած խուժանային արարքը՝ պարզապէ՛ս ստորնութեան համազօր է։

Երկրի իշխանութիւններն ու իրաւապահ մարմինները կատարուածը գնահատելու եւ օրէնքի համապատասխան ուժով պարտաւոր են պատժական տնօրինում կատարելու յանցագործներուն դէմ։

Սպառնալիքներով լի այս հանգրուանին, կ՚ապրինք այնպիսի անհեթեթ քաղաքակրթութեան մը մէջ, ուր գոյութիւն ունին միայն զո՛հն ու զոհարարը, ուր կաշկանդուած է այլակարծութիւնը, տարածուած է թունալից բանսարկութիւնը, մաղձը, ոխակալութիւնը, վրէժխնդրութիւնը, պառակտումն ու խաւարամտութիւնը։

Իրարամերժութիւնը կ՚առաջնորդէ երկկողմանի ինքնամեկուսացման, որ իր կարգին կ՚առաջնորդէ ազգային հաւաքական ներուժի ջլատման, հասարակութեան խաւերու միջեւ սուր բեւեռացման, որմէ կրնայ օգտուիլ միա՛յն մեր հայրենիքի թշնամին։

Իշխանութիւններու «Ով մեզի հետ չէ՝ մեզի դէմ է» կարգախօսը, այսօրուան հաւաքականութեան լայն զանգուածներու գիտակցութեան մէջ տեղադրուած է յստակ եւ կազմակերպուած քարոզչութեամբ։ Մնացեալը հաւատաքննութիւն է։

Սարսափելին հոն է, որ սկսած ենք վերածուիլ ատելավառութեամբ ախտավարակուած հասարակութեան եւ անհանդուրժող ընկերային հաւաքականութեան։ Իսկ ազգային միասնականութիւնը պառակտելու եւ մանաւանդ արցախեան ճակատի վրայ համահայկական միասնութեան սպառնացող բաժանարար կոչերու հրահրումը լուրջ վտանգ են անաւարտ պատերազմի իրավիճակին մէջ գտնուող հայրենիքին։ Շիկացած այս լարուածութիւնը կրնայ միայն առաջնորդել մեր դիմադրականութեան պատնէշներու փլուզման։

Ո՞ւր մնացին սիրոյ եւ համերաշխութեան յորդորները։ Ընկերային ցանցերու վրայ սանձարձակ կը գործեն փարիսեցիներու վոհմակները, որոնք կը սերմանեն որոմը, եւ այդ որոմը արդէն իսկ սկսած է քանդել քառորդ դար առաջ հայութեան մէջ արարուած յաղթականի հոգեկերտուածքը։ Օրըստօրէ կը խախտի եւ կը սասանի մեր ազգային արժեհամակարգը։

Ցաւալի՛ն եւ վտանգաւորը ա՛յն է, որ ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ կը տիրէ կատարեալ հանդուրժողութիւն անհանդուրժողութեան հանդէպ, եւ այս մէկը այլեւս ազգային ժահրակալած վէրք է, որ կը խորանայ օրն ի բուն։ Նոյնինքն այդ անհանդուրժողութիւնը կրնայ դառնալ մեր գոյատեւելիութեան աքիլլէսեան խոցելի գարշապարը։

Ներքաղաքական առողջ միջավայրով սնուցուելու ժամանակն է։ Բարոյալքման վիհ առաջացնող անհանդարժողութեան Հայաստանի ներկայ կացութեամբ կ՚օգտուի միայն սահմանին վրայ սպառազինուած դարանակալ թշնամին։

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը պատասխանատուութեան կուսակցութիւն է, եւ ինչպէս անցեալին, այսօր նոյնպէս, իր դէմ կատարուած ոտնձգութիւնները դիմակայայելով՝ պիտի լծուի ներքին համերաշխութիւնը վերահաստատելու եւ համազգային մարտահրաւէրները դիմագրաւելու առաքելութեան։

«Հորիզոն»

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.