Երասխի Մէջ Թշնամիի Կրակոցէն Հայ Զինուոր Մը Զոհուած Է. Այլ Զինուոր Մը Զոհուած` Գեղարքունիքի Մէջ
երկուշաբթի, 16 օգոստոս 2021-ի առաւօտեան ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները սադրանքի դիմեցին հայ-ազրպէյճանական սահմանի նախիջեւանեան ուղղութեամբ` Երասխի հատուածին մէջ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն հաղորդեցին, որ 16 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 9:50-ի շուրջ, թշնամիի սահմանապահի արձակած կրակոցէն մահացու հրազէնային հարուած ստացաւ եւ զոհուեցաւ Հայաստանի բանակի N զօրամասի զինուոր, 1975-ի ծնունդ, աւագ ենթասպայ Վահան Թաթոսեան:
«Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինուորի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: Հայկական կողմի ձեռնարկած պատասխան գործողութիւններուն բերմամբ թշնամին կորուստներ ունեցած է», կը նշուի նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Նոյն օրը` 16 օգոստոսին, աւելի ուշ, երեկոյեան ժամը 6:10-ի շուրջ, ազրպէյճանական զինուած ուժերը կրակ բացին հայ-ազրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ:
Փոխհրաձգութեան պատճառով ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ եւ զոհուեցաւ բանակի N զօրամասի զինուոր, 2002-ի ծնունդ, շարքային Արման Յակոբեան:
Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, հայկական կողմի ձեռնարկած պատասխան գործողութիւններուն շնորհիւ թշնամին ունի առնուազն երեք սպաննուած եւ վիրաւոր: