«Ես մեկնում եմ կռիւ՝ մեռնելու կամ յաղթելու, բայց՝ յաղթելու». Վարդան Բախշեան
1163
0
Այսօր Արցախեան ազատամարտի հերոս, ՀՅԴ անդամ, ազատամարտիկ Վարդան Բախշեանի ծննդեան օրն է, ան պիտի դառնար 54 տարեկան:
Վարդանը ՀՄԸՄի Հայաստանեան մասնաճիւղի հիմադիրներէն էր:
Վարդանը ճանչցողները զայն գիտութեան մարդ կը համարէին: «Դաշինք» ուսանողական շարժման ու համանուն թերթի հիմնադիրներէն էր:
Երիտասարդ պատմաբանը Արցախեան շարժման առաջին օրերէն ընդգրկուած էր դաշնակցական կամաւորներու շարքերուն մէջ: Անոր մարտական ուղին սկսած է Բերդաձորի ինքնապաշտպանական մարտերէն եւ աւարտած 16 Դեկտեմբեր 1991ին, Հասանապատի մարտով:
Վարդան Բախշեանի աճիւնը ամփոփուած է «Եռաբլուր» յուշահամալիր-պանթէոնին մէջ: