«Եկեղեցին Լիբանանի ժողովուրդին կողքին պէտք է ըլլայ՝ բոլոր պայմաններուն մէջ» շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս Պքէրքէի ժողովին
23 Հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, Պքէրքէի մարոնիթ եկեղեցւոյ Պատրիարքարանին մէջ, քրիստոնեայ հոգեւորականաց հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ պետերու եւ եպիսկոպոսներու։ Հանդիպումին նպատակն էր հաւաքական կեցուածք որդեգրել շուրջ շաբաթէ մը ի վեր Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդային ըմբոստութեան առնչութեամբ։
Սրտբաց մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին հոգեւորականներ մէկ կողմէն իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ժողովուրդին, իսկ միւս կողմէն՝ մտահոգութիւնը երկրէն ներս խորացող տնտեսական տագնապին գծով։ Անոնք շեշտեցին, թէ ժողովրդային ըմբոստութիւնը հետեւանք է երկրէն ներս տիրող պետական-քաղաքական պատասխանատուներուն մօտ փտածութեան, ինչպէս նաեւ անտարբերութեան, ժողովուրդը դիմագրաւող ընկերատնտեսական կարիքներուն նկատմամբ։ Անոնք ըսին, որ ոչ միայն իշխանութիւն-ժողովուրդ խրամատը լայնցաւ, այլ ամէն տեսակ «թապու» քանդուեցաւ եւ դիմակները վար առնուեցան։ Հետեւաբար, այս կացութեան դիմաց անհրաժեշտ է դիմել յստակ ու գործնական քայլերու։
Երկու առիթներով խօսք առնելով Վեհափառ Հայրապետը՝ շեշտեց հետեւեալ կէտերը.-
1) Առաջին հերթին հարկ է ողջունել ժողովուրդին միասնականութիւնը։ Առաջին անգամ ըլլալով ժողովուրդը, հեռու համայնքային, կուսակցական ու քաղաքական բաժանումներէ, ինքզինք կ՚արտայայտէ որպէս մէ՛կ ամբողջութիւն։
2) Անհրաժեշտ է, որ իբրեւ եկեղեցի, ժողովուրդին հետ ըլլանք, ո՛չ ձեւական կամ տեսականօրէն, այլ գո՛րծնապէս մեր զօրակցութիւնը յայտնելով ժողովուրդին սպասումներուն նկատմամբ։
3) Ստեղծուած ընկերատնտեսական ներկայ տագնապին լուծման գծով նաեւ եկեղեցի՛ն պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը, աւելի՛ն կատարելու ժողովուրդին համար, յատկապէս ընկերային, մարդասիրական, կրթական ու առողջապահական մարզերէն ներս։
4) Անհրաժեշտ է, որ առաջարկենք Հանրապետութեան Նախագահին, շուտով սկսելու խորհրդակցութեան՝ համայնքներու, կուսակցութիւններու եւ ցուցարարներու պատասխանատուներուն հետ, իմանայ անոնց տեսակէտները եւ համապատասխան գործնական քայլերու դիմէ։
Իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը նաեւ շեշտեց, թէ որպէս եկեղեցի, ճիշդ է, մենք ըսելիք եւ ընելիք պէտք է ունենանք, սակայն քաղաքական բնագաւառին առնչուած հարցերուն գծով մանրամասնութիւններու մէջ պէտք չէ մտնենք. պէտք է շեշտենք, թէ անհրաժեշտ է յարգել երկրին Սահմանադրութիւնը եւ ժողովուրդին պահանջները։
Արամ Ա. Կաթողիկոսին տեսակէտը տեղ գտաւ հանդիպումին յայտարարութեան մէջ, ուր աւելի լայն ծիրի մէջ շեշտուեցաւ եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը ժողովուրդին, բռնութենէ հեռու մնալու հրամայականը եւ ժողովուրդին կարիքներուն շուտով գոհացում տալու անհրաժեշտութիւնը։
Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետին կողքին հանդիպումին մասնակից եղան նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Տնօրէն Ժողովի ատենապետ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Դոկտ. Ժան Սալմանեան։