ԵԽԽՎ-ի 47 Երեսփոխաններ Ազրպէյճանական Ուժերու Հայաստանի Գերիշխանական Տարածքէն Անյապաղ Դուրս Բերումը Կը Պահանջեն
Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի 47 երեսփոխաններ հրապարակած են միացեալ յայտարարութիւն մը, որով դատապարտած են Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ Ազրպէյճանի յարձակումը` Ազրպէյճանին կոչ ուղղելով իր զօրքերը դուրս բերել Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքէն եւ ազատ արձակել բոլոր պատերազմական գերիները:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Մենք` ներքոստորագրեալներս, կը յայտարարենք հետեւեալը. Ազրպէյճանը սեպտեմբեր 2022-ին լայնածաւալ զինուորական յարձակում սկսած է Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքին վրայ:
«Զինուորական յարձակումի այս չհրահրուած գործողութիւններով Ազրպէյճան թիրախաւորած է նաեւ Հայաստանի խիտ բնակեցուած բնակավայրերու քաղաքային ենթակառոյցները` պատճառելով հարիւրաւոր մարդկային կորուստներ, ներառեալ` քաղաքայիններու շարքերուն մէջ: Կան սարսափելի ապացոյցներ խոշտանգումներու եւ գերի ինկած ու մահացած զինուորներու, ներառեալ կիներու խեղման դէպքերը:
«Մենք խստագոյնս կը դատապարտենք Ազրպէյճանի յարձակումը, որ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրին, միջազգային մարդասիրական օրէնքին եւ Եւրոպական խորհուրդին առջեւ Ազրպէյճանի կանոնադրական, պայմանական եւ անդամակցութեան պարտաւորութիւններու բացայայտ խախտում է:
«Կը դատապարտենք նաեւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ պատերազմական գերիներու դիտաւորեալ սպանութիւնները, խոշտանգումներն ու անմարդկային վերաբերմունքը, որոնց տեսանիւթերը հրապարակուած են ընկերային ցանցերու վրայ:
«Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք զերծ մնալու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան վրայ յարձակումի հետագայ գործողութիւններէն եւ խաղաղ ճամբով ներգրաւուելու բանակցային հոլովոյթին մէջ:
«Մենք կը պահանջենք ազրպէյճանական զինեալ ուժերու անյապաղ եւ անվերապահ դուրսբերումը Հայաստանի գերիշխան տարածքէն եւ բոլոր պատերազմական ու այլ գերիներու շուտ հայրենադարձումը»: