Եթէ Գանատայի մէջ ոեւէ պաշտօնեայ Ալեն Սիմոնեանի վարքը դրսեւորէ, անմիջապէս հրաժարականը կը պահանջեն

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի թիկնազօրը վերջերս Կասկատի մէջ «ասֆալտին փռած էր» Հայաստանի «հպարտ քաղաքացի»ն, «երջանիկ անհատ»ը, որովհետեւ այդ քաղաքացին՝ Կարէն Մկրտիչեանը, Ազգային Ժողովի նախագահը տեսնելով զայն կոչած է «դաւաճան»։

Կարէն Մկրտիչեան, որուն դէմքին թքած էր Ալեն Սիմոնեան, հայրենադարձ է, գործարար, որ թողած է բարեկեցիկ կեանքը Գանատայի մէջ եւ տեղափոխուած է Հայաստան:

Ի դէպ, ԱԺ-ի նախագահին արարքը լայնօրէն քննարկուած եւ քննադատուած է, որուն յաջորդեց Ալեն Սիմոնեանի գրառումը, որուն մէջ ան մասնաւորապէս նշած էր. «Ինչ վերաբերում է օտարերկրացի այդ դաշնակցականի տղուն, ով հպարտանում է, որ ՀՀ ԱԺ նախագահ է տեսել շատ մօտիկից, ասեմ, որ երիտասարդն առաջին անգամ չէ, որ վիրաւորանք է հնչեցնում. առաջին անգամ մէկ ամիս առաջ արհամարհեցի, երկրորդ անգամ, բնական է, իր խօսքի ազատութեանը եւ վիրաւորանքին հակադրեցի իմ կարծիքը իր մասին, իմ ազատութիւնը, յետոյ ինքը մտաւ ՖՊ եթեր եւ պատմեց կատարուածը»:

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան 168.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ ՀՀ ԱԺ-ի նախագահին միջադէպին եւ գրառման:

««Դաշնակցականի տղայ» բառակապակցութիւնը կրկնակիօրէն հեգնական է՝ դաշնակցականին եւ անձին՝ Կարէնին հանդէպ: Մարդ, որ Գանատայի նախկին քաղաքացի է, որ թողած էր իր լաւ աշխատանքը եւ իսկապէս ժողովրդավար երկրի մէջ ապրելու հնարաւորութիւնը եւ ամբողջ ընտանիքով հայրենադարձած է, պէտք չէ արժանանար նման տմարդի վերաբերմունքի:

Եթէ Գանատայի մէջ նման միջադէպ տեղի ունենայ իսկ, պաշտօնեաներու դէմ ցոյցերով հանդէս կու գան, եւ ոեւէ պաշտօնեայ նման վարք եթէ դրսեւորէ, անմիջապէս հրաժարականը կը պահանջեն՝ կա՛մ ժողովուրդը, կա՛մ՝ գործընկերները. այսպիսի բան այստեղ բացառուած է:

ԱԺ-ի նախագահի պաշտօնը զբաղեցնող Ալեն Սիմոնեանը, տմարդի վերաբերմունքէն բացի, չարաշահած է իր իշխանական լիազօրութիւնները՝ նախ, որ թիկնազօրը օգտագործած է իր քմայքին համար, երկրորդ՝ պետական այրի հասկացութիւնը, որմէ հեռու են ինքն ու իր ընկերները»,- շեշտած է ան:

Մհեր Գարագաշեան զարմանքով նկատեց, որ իշխանութեան ներկայացուցիչները նման մանրուքներու մէջ կը մխրճեն երկիրը, երբ առաջնահերթութիւնները այլ պէտք է ըլլային, քանի որ թշնամին արդէն հասած է Տեղ գիւղ:

ԶԱՐՈՒՀԻ ԴԻԼԱՆԵԱՆ

 

Comments are closed.