«Դիմադրութիւն» Շարժման Բազմամարդ Հանրահաւաքը Եւ Քայլերթը
Ուրբաթ, 24 յունիսին Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Դիմադրութիւն» շարժման բազմամարդ հանրահաւաքը:
Ելոյթներ ունեցան բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեան, ուսանող Արեգ Մանուկեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւորներ Արթուր Խաչատրեան, Արամ Վարդեւանեան եւ Աննա Մկրտչեան:
«Նիկոլը ամէն երեք ամիսը մէկ ծաղրական բնոյթի թերթօն մը կը կարդայ, եւ ատիկա կը կոչէ փաստեր նոր Հայաստանի մասին, որոնց զգալի մասը ծիծաղ կը յառաջացնէ», հանրահաւաքի ժամանակ իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան:
«Հիմա ինք արդէն ալ խաբել չի կրնար, բայց փոխարէնը կառավարութեան նիստին ինչ որ թիւեր կը հնչեն, որոնք զարմանքով կը լսես եւ կ՛ըսես` մենք նոյն երկրին մէջ չէ, նոյն մոլորակի՞ն մէջ կ՛ապրինք, թէ՞ ոչ», ըսաւ ան:
Արթուր Խաչատրեան անտրամաբանական նկատեց նաեւ աշխատավարձերու բարձրացման խնդիրը, զոր իբրեւ յաղթաթուղթ կը գործածէ իշխանութիւնը:
Այսինքն` մարդը եկած է իշխանութեան արդարութեան ու նաեւ ընկերային արդարութեան խոստումներով, բայց եթէ վարի աշխատավարձը չի բարձրանար, վերինը կը բարձրանայ, ուրեմն մարդոց միջեւ անդունդը կը խորանայ: Աղքատները աւելի վատ կը սկսին ապրիլ, իսկ անոնք, որոնք լաւ կ՛ապրէին, աւելի լաւ կը սկսին ապրիլ», ընդգծեց ան:
Ցուցադրուեցաւ ամփոփիչ տեսերիզ` «Դիմադրութիւն» շարժման կազմակերպած նախորդ օրերու կարեւոր գործողութիւններէն:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայատանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան հանրահաւաքի ժամանակ յայտարարեց, որ իրենք Արցախ գտնուելու ընթացքին հանդիպած են հայկական երկրորդ հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերուն հետ, եւ փաստ է` 14 ապրիլ 2022-ին Արցախի խորհրդարանի յայտարարութիւնը, ուր ամրագրուած են բոլոր կարմիր գիծերը, Արցախի ամբողջ քաղաքական դաշտի դիրքորոշումն է: Բոլորը միասնական են ու միակամ այն հարցին մէջ, որ Արցախը երբեք չի կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ:
Արցախի մէջ Նիկոլի եւ Ալիեւի հայաթափման օրակարգը կիսող եւ սպասարկող չկայ ու պիտի չըլլայ», շեշտեց Իշխան Սաղաթէլեան:
Ան ըսաւ, որ քաղաքական ուժերուն հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են յառաջիկային «Դիմադրութիւն» շարժման համակարգող խորհուրդներ ձեւաւորել նաեւ Արցախի մէջ:
Այնուհետեւ ան հանրահաւաքի մասնակիցները հրաւիրեց երթի:
«Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Միութիւն, պայքար, յաղթանակ»` վանկարկումներով երթի մասնակիցները Մաշտոցի պողոտայով շարժեցան դէպի Բարձրագոյն դատական խորհրդի շէնք:
Ֆրանսայի հրապարակին վրայ հանրահաւաքը շարունակուեցաւ:
«Դիմադրութիւն» շարժումը պիտի շարունակէ յառաջիկային պայքարը նոյն ձեւաչափով` չորեքշաբթի օրերը կազմակերպել քննարկում, իսկ ուրբաթ օրերը` հանրահաւաք, իսկ եթէ շաբթուան ընթացքին ըլլան հրատապ միջոցառումներ, ապա այդ մասին կը տեղեկացնեն մասնակիցները, իր եզրափակիչ խօսքին մէջ յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:
«Միութիւն, պայքար, յաղթանակ» վանկարկեցին մասնակիցները: