«Դիմադրութեան» Շարժումի Բողոքի Քայլերը Հետզհետէ Աւելի Թափ Կը Ստանան Ոստիկանութիւնը Անհամաչափ Ուժ Կը Կիրարկէ Ցուցարարներուն Նկատմամբ

18 մայիսի կանուխ առաւօտէն «Դիմադրութեան» շարժումը Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով անհնազանդութեան խաղաղ ցոյցեր կատարեց Երեւանի տարբեր հատուածներուն մէջ, փակուեցան փողոցներ, պողոտաներ, խաչմերուկներ, երթեւեկը կաթուածահար եղաւ:

Փողոցները փակելու զուգահեռ Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներով ինքնաշարժներու երթեր կատարուեցան: Երիտասարդները անհնազանդութեան ցոյց կատարեցին նաեւ մեթրոյին մէջ` կաթուածահար ընելով Կարէն Դեմիրճեանի անուան Երեւանի մեթրոյի բնականոն ընթացքը:

Քաղաքի տարբեր հատուածներուն մէջ  կային ոստիկանական մեծաթիւ ուժեր, որոնք բռնի ուժ եւ լկտի պահուածք դրսեւորեցին անհնազանդութեան խաղաղ ցոյցի մասնակիցներուն նկատմամբ: Ոստիկանները անհամաչափ ուժով բերման ենթարկեցին նաեւ մայթէն անցնող քաղաքացիները` խոչընդոտելով լրագրողներուն աշխատանքը: Անոնք անհամաչափ ուժ կիրարկեցին նաեւ պատգամաւորներուն նկատմամբ. բիրտ ուժ գործադրելով ու քաշքշելով փորձեցին բերման ենթարկել ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, որ ոստիկանութիւնը անհամաչափ ուժ կը բանեցնէ նաեւ պատգամաւորներուն նկատմամբ: «Կան արդէն յստակ փաստեր: Քիչ առաջ արդէն Արծուիկ Մինասեանի, Վահէ Յակոբեանի, շարք մը այլ պատգամաւորներու նկատմամբ ակնյայտ ուժ կիրարկուեցաւ: Կան քանի մը 100 բերման ենթարկուածներ: Որեւէ կերպով այս պայքարը կանգ պիտի չառնէ, ոստիկանատուներուն մէջ տեղ չկայ այլեւս», ըսաւ ան:

Ոստիկանները ուժ կիրարկեցին նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախագահ Սիմոն Սիմոնեանի նկատմամբ:

Երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Դիմադրութեան» շարժումի հանրահաւաքը, որուն ընթացքին խօսքեր արտասանեցին «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան, ՀՀԿ խորհուրդի անդամ Տիգրան Վարդանեան, «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ զոհուած հերոս Մխիթար Գալէեանի հայրը` Արթուր Գալէեանը ձերբակալելու դէպքին` նշելով, որ քանի մը պատգամաւորներով գացած են Քննչական վարչութիւն, միջնորդութիւն ներկայացուցած խափանման միջոցը փոխելու, ինչպէս նաեւ անձնական երաշխաւորութիւն ներկայացուցած: Վանեցեան յայտնեց, որ արդէն ան աւելի ուշ ազատ արձակուած է` քաղաքէն չհեռանալու պայմանով` շեշտելով, որ հերոսածին ծնողները երբեք մինակ պիտի չմնան:

Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նոյն օրը Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիի յայտարարութեան` խոր ափսոսանք յայտնելով այդ մասին: «2018 թուականին հայ ժողովուրդը գնաց լաւ կեանքի սուտ խոստումներու ետեւէն, ոչ թէ Արցախի կորուստի ու արիւնալի պատերազմի: Գնաց աւելի ժողովրդավար պետութիւն ստեղծելու, ոչ թէ բռնապետութիւն հաստատելու եւ ժողովրդավարութիւնը բռնաբարելու ետեւէ: Ինչ կը վերաբերի 2021 թուականի ընտրութիւններուն` յիշեցնեմ, յարգելի՛ դեսպան, որ հայ ժողովուրդը Նիկոլին Արցախը զիջելու եւ առհասարակ երկիրը նոր զիջումներու տանելու լիազօրութիւն չտուաւ», նշեց ան:

Առիթէն օգտուելով` Սաղաթէլեան վերահաստատեց, որ Ռուսիան Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցն է, իսկ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութեան երկիրները` կարեւոր գործընկերները: Ան կոչ ուղղեց  միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն` վերջ տալու երկակի չափանիշներուն. «Դուք լռած էիք, երբ օրուան իշխանութիւնը կը շրջափակէ դատարանները, դուք կը լռէիք տասնեակ քաղաքական բանտարկեալներու պարագային, դուք այսօր կը լռէք, երբ ոստիկանութիւնը ժողովուրդին նկատմամբ բռնի եւ անհամաչափ ուժ կը կիրարկէ, դուք ձեր լռութեամբ կը նպաստէք, որ Հայաստանի մէջ բռնապետութիւն տիրէ»:

Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ երթով պիտի երթան ոստիկանութիւն` պահանջելու, որ վերջ տան անօրինական գործողութիւններուն եւ պատասխանատուութեան ենթարկեն բռնութիւն գործադրած ոստիկանները:

Ան ոստիկանապետին դիմեց` 3 յստակ պահանջով. 1.- Անյապաղ կասեցուին լիազօրութիւնները բոլոր այն ոստիկաններուն, որոնք գործած են ապօրինութիւններ, եւ զանոնք անուն առ անուն ենթարկել պատասխանատուութեան. 2.- Սկսիլ իրաւական գործընթացի` պարզելու այս յանցագործութիւնները կատարած ոստիկաններուն յանձնարարութիւնները եւ երաշխիքներ տուած անձերուն անունները, 3.- Ոստիկանապետը պէտք է հանդէս գայ հրապարակային գնահատականով` այս վայրագութիւններուն նկատմամբ, եւ այլեւս բացառուի որեւէ անհամաչափ եւ բռնի գործողութիւն քաղաքացիներուն նկատմամբ:

Քաղաքացիները երթով ուղղուեցան դէպի ոստիկանութիւն` այս պահանջները ուղիղ եւ անմիջական փոխանցելու համար: Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում պահանջեց ոստիկանապետէն` իրենց պահանջները ներկայացնելու համար: Ոստիկանապետ Վահէ Ղազարեան ընդունեց հանդիպման առաջարկը:

Կայացաւ ընդդիմադիր պատգամաւորներու ու ոստիկանապետի հանդիպումը, որմէ ետք Սաղաթէլեան ըսաւ. «Ոստիկանապետը յայտնեց, որ ներկայիս մէկ հոգիի գործունէութիւն կասեցուած է, 37 հոգիի նկատմամբ կը կատարուի ծառայողական քննութիւն, յարուցուած են մէկ տասնեակէ աւելի քրէական գործեր եւ նոյն օրուան դէպքերուն գծով տեղի կ՛ունենայ ուսումնասիրութիւն»:

Սաղաթէլեան յայտնեց նաեւ, որ ինքնաշարժներու երթին ընթացքին բռնագրաւուած ինքնաշարժները պիտի վերադարձուին քաղաքացիներուն: «Այս պահուն մենք կը նկատենք մեր պահանջներու հիմնական մասը բաւարարուած, բայց նաեւ կ՛ըսենք, որ բոլոր դէպքերով պիտի ըլլանք հետեւողական եւ պիտի սպասենք յստակ արդիւնքներու», յայտարարեց ան:

Երթը վերադարձաւ Ֆրանսայի հրապարակ, ուր հանրահաւաքը շարունակուեցաւ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.