Դիմադրութեան Շարժման Հանրահաւաքները Եւ Քայլարշաւները Կը Շարունակուին
5 մայիսին եւս Ֆրանսայի հրապարակէն ընթացք առաւ Դիմադրութեան շարժման բազմահազարնոց հանրահաւաքը, որուն մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին նոյն օրը ցուցարարներուն համար տրամադրուած վրաններէն մէկուն մէջ մահացած քաղաքացիին յիշատակը:
«Առանց Նիկոլ Հայաստան» վանկարկումներով երթը ընթացք առաւ, եւ քայլարշաւ կատարուեցաւ Երեւանի փողոցներուն մէջ, ուր մեծաթիւ ոստիկաններ տեղակայուած էին:
«Տէր ենք մեր հայրենիքին», «Պայքար, պայքար» վանկարկումներով քայլերթը հասաւ Ֆրանսայի հրապարակ, ուր շարունակուեցաւ հանրահաւաքը:
Ելոյթներով հանդէս եկան 44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինուոր Ռուբէն Պօղոսեանի հարազատը` Եղիշէ Զաքունցը, ազրպէյճանագէտ Անժելա Էլիբէկովան, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան, մարմնակրթութեան վաստակաւոր վարպետ Արսէն Ջուլֆալակեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւոր Հայկ Մամիջանեան:
Հանրահաւաքի աւարտին եզրափակիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան, որ նախ արձագանգեց Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նոյն օրուան յօդուածին` դիտել տալով, որ 2018-ին իշխանութեան եկան Տէր Պետրոսեանի գաղափարները կրողներն ու հոգեզաւակները, որոնք Արցախի 72 տոկոսը տուին: «Մեր վզին որեւէ մէկը, այդ թւում դու եւ Նիկոլը ոչինչ չէք կարող փաթաթել», նշեց ան:
Անկէ ետք Սաղաթէլեան խօսեցաւ յաջորդ օրը կատարուելիք աշխատանքներուն մասին` չորս խումբերով երթեր, կոչ ժողովուրդին` միանալու իրենց: Եզրափակելով` ան հաստատեց. «Համախմբուած, կազմակերպուած, իրարու աչքերի մէջ նայող, պարզ, անկեղծ կը մնանք միասին` այս պայքարը յաջողցնելու համար: Բոլոր նախադրեալներն ու հնարաւորութիւնները կան: Հասած ենք մեր ծրագրի աւարտական փուլին»:
Յայտնենք, որ օրուան ընթացքին մեծաթիւ ձերբակալութիւնները շարունակուեցան, ոստիկանութիւնը բռնի ուժ գործադրեց ցուցարարներուն վրայ: Ձերբակալուածներու կարգին էր արդարութեան մարտիկ Համբիկ Սասունեան, որ աւելի ուշ ազատ արձակուեցաւ: