Դաւիթ Տօնոյեանը ՊԲ Հրամանատարի Ուղեկցութեամբ Արցախեան Շարք Մը Զօրամասեր Այցելած Է (տեսանիւթ)

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, Արցախ կատարած աշխատանքային այցին ընթացքին, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօրավար Ճալալ Յարութիւնեանի ուղեկցութեամբ, այցելած է ՊԲ կեդրոնական ենթակայութեամբ գործող շարք մը զօրամասեր ու առանձին ստորաբաժանումներ:

Դաւիթ Տօնոյեան, Յուլիս 30-31, աշխատանքային այցով Արցախի Հանրապետութիւն այցելած է՝ հայկական երկու հանրապետութիւններու ռազմական գերատեսչութիւններուն միջեւ առկայ փոխհամագործակցութեան եւ գործողութիւններու համադրման ծրագիրին ծիրէն ներս:

ՀՀ պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը ԱՀ ՊՆ, ՊԲ հրամանատար զօրավար Ճալալ Յարությունեանի ուղեկցութեամբ այցելած է ՊԲ կեդրոնական ենթակայութեամբ գործող շարք մը զօրամասեր ու առանձին ստորաբաժանումներ, տեղւոյն վրայ ծանօթացած ընկերային-կենցաղային պայմաններուն ու ծառայութեան այն խնդիրներուն, որոնք ունին լուծման կարիք:

Նախարար Տօնոյեան առաձին ուշադրութիւն դարձուցած է նաեւ ՊԲ-ի մէջ վերջին շրջանին ներդրուած նորագոյն զինատեսակներուն ու արդիականացուած սարքերուն եւ դեռ ընթացքի մէջ գտնուող աշխատանքներուն:

Հայկական երկու հանրապետութիւններու ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարները այցելած են ՊԲ-ի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրային ու թիկունքային նշանակութեան տարբեր կէտեր, ուր անդրադարձ եղած է նաեւ տարածաշրջանային ընթացիկ եւ հաւանական զարգացումներուն, հայկական երկու պետութիւններուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ այդ ծիրէն ներս՝ մասնաւորապէս այն համակարգային ընելիքներուն, որոնք դրուած են պաշտպանական գերատեսչութիւններուն առջեւ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.