Դաշնակցական Գուրգէն Ասատուրեանի Կտակի Գումարով Երեւանի Պետական Համալսարանը Ուսանողներու Համար Կացարան Կը Կառուցէ
2220
0
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Երեւանի Պետական Համալսարանի (ԵՊՀ) 500 ուսանողներու համար նախատեսուած հանրակացարան կը կառուցուի:
ԵՊՀ կայքը, համալսարանի ուսանողներու հետ տարուող աշխատանքներու կեդրոնի տնօրէն Վահագն Վարագեանը վկայակոչելով՝ կը յայտնէ, որ հանրակացարանը պիտի ունենայ երկտեղանոց սենեակներ՝ առանձին լուացարաններով, մեծ ճաշարան մը, եւ իւրաքանչիւր յարկի վրայ՝ խոհանոց:
Վարագեան յայտնած է, որ շինարարութիւնը կը կատարուի ամերիկահայ բարերար Գուրգէն Ասատուրեանի՝ ԵՊՀին կտակած մէկ միլիոն տոլարով, ինչպէս նաեւ համալսարանի սեփական միջոցներով:
Գուրգէն Ասատրեան ՀՅԴ Ուաշինկթընի «Սեպուհ» կոմիտէութեան վաստակաւոր անդամներէն էր:
Շինարարական աշխատանքներու աւարտը կը նախտեսուի 2018ի ամրան: