Գործարկուած է iUniversity Հայկական Առաջին Համալսարանական Առցանց Հարթակը

Հայաստանի ազգային ճարտարագիտական համալսարանին մէջ գործարկուած է հայկական առաջին համալսարանական առցանց կրթական հարթակը: Ան անուանակոչուած է iUniversity, որ կը սպասարկէ Ճարտարագիտական համալսարանը` ներառեալ Գիւմրիի, Կապանի եւ Վանաձորի մասնաճիւղերը, ինչպէս նաեւ համալսարանի քոլէճը եւ աւագ դպրոցը:

Հարթակը հնարաւորութիւն կու տայ արձանագրել բոլոր շահառուները, իւրաքանչիւր խումբի եւ դասարանի համար ստեղծել առարկաներու ու տնային աշխատանքներու ցանկ, ուսումնական նիւթեր, էլեկտրոնային գրադարան, ներբեռնել տեսադասախօսութիւններ` հնարաւորութիւն տալով ուսանողներուն եւ աշակերտներուն հարցեր ուղղել իրենց դասախօսներուն եւ ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ ունենալ առարկայի քննարկման միջավայր եւ գնահատական ստանալ իրենց կատարած առցանց աշխատանքին համար:

Հայաստանի ազգային ճարտարագիտական համալսարանը իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է արտակարգ դրութեան ժամանակահատուածին հարթակի բոլոր հնարաւորութիւնները եւ արհեստագիտական սպասարկումը տրամադրել նաեւ այն ուսումնական հաստատութիւններուն, որոնք ատոր կարիքը ունին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.