Գոյժ

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն խոր ցաւով կը գուժէ, նախքան հայրենադարձութիւնը երկար տարիներ շրջանիս ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան անդամակցած կուսակցական ընկեր, ազատամարտիկ, հաւատաւոր Դաշնակցական՝ Քրիստափոր Արթինի նահատակութիւնը, որ պատահեցաւ Հոկտեմբեր 6-ին, Արցախի հիւսիսային Լուլասազի բարձունքը ազատագրելու մարտերու ընթացքին։ Մեր ցաւակցութիւնները ընտանիքին եւ հարազատներուն։ Փառք հայրենի հողի պաշտպան մեր նահատակներուն։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.