Գնահատանքի երեկոյ՝ ի պատիւ Լաւալի Հայ Կեդրոնի երկարամեայ տնօրէն Լեւոն Տէր Ադամեանի

Ուրբաթ, 11 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան, Լաւալի Հ.Յ.Դ. «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէն կազմակերպած էր գնահատանքի երեկոյ մը, իբրեւ վկայութիւն այն իրականութեան, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան աշխատանքը միայն գաղափար չէ, այլ ապրած կեանք է, ծառայութիւն՝ մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին ու մեր արդար պայքարին։

Կոմիտէն, շրջանի բոլոր ընկերներու անունով, շնորհակալութիւն յայտնեց ընկեր Լեւոն Տէր Ադամեանին, որ աւելի քան 25 տարիներ ստանձնած էր Լաւալի Հայ Կեդրոնի տնօրէնութեան պաշտօնը եւ անձնուիրաբար, կամաւոր եւ մեծ նուիրումով, իր սեփական տան նման հոգ տարած էր Կեդրոնին։
«Ընկերոջ երկար տարիներու անձնուէր նուիրուածութիւնը պարզապէս աշխատանքի արդիւնք չէ, այլ հաւատարմութիւն մեր երդմանը, մեր արժէքներուն», իր խօսքին մէջ նշեց Հ.Յ.Դ. «Սարգիս Զէյթլեան» Կոմիտէի հերթապահ` ընկ. Հրանդ Թաշճեան։ Ընկերը նաեւ յայտնեց Կոմիտէի գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը ընկերոջ՝ դաշնակցական անխոնջ իր ծառայութեան համար։

ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի ատենապետուհի` Ալին Հատիտեան, իր կարգին մասնաճիւղի անունով յայտնեց նաեւ իր գնահատանքի խօսքը, նշելով, որ Լեւոն Տէր Ադամեանը արդէն 25 տարիներէ ի վեր հպարտութեամբ կը կրէ ՀՕՄ-ականի անունը։ Իսկ այդ կը նշանակէ տարիներու անաղմուկ ծառայութիւն, զոհաբերութիւն ու անշահախնդիր նուիրուածութիւն մեր ազգին ու մեր մայր կազմակերպութեան՝ Հայ Օգնութեան Միութեան սրբազան առաքելութեան։

Լաւալի Սուրբ Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեան եւս, իր խօսքին մէջ կարեւորեց Լեւոն Տէր Ադամեանի նուիրեալ ծառայութիւնը, որ կատարած է ոչ թէ փառքի, այլ պատասխանատուութեան զգացումով։

Արժանապատիւ Քահանան իր խօսքի աւարտին աղօթեց, որ Աստուած ի վերուստ օրհնէ Լեւոն Տէր Ադամեանը, ընծայելով իրեն առողջութիւն, տոկունութիւն եւ շարունակական ներշնչում՝ ի սպաս ազգին եւ եկեղեցւոյ։

Գնահատանքի երեկոյի աւարտին, Հ.Յ.Դ. «Ս. Զէյթլեան» Կոմիտէի եւ ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան ընկ. Լեւոն Տէր Ադամեանին, որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն` տարիներու իր կատարած ծառայութեան եւ նուիրումին։

Այնուհետեւ, Ընկ. Լ. Տէր Ադամեան, բեմ բարձրանալով, ներկաներուն ուղղեց իր սրտի խօսքը, մանրամասնօրէն յիշելով սկզբնական շրջանի այն օրերը, երբ ինք պատրաստակամութիւն յայտնած է ստանձնելու շրջանի Կոմիտէին կողմէ իրեն առաջարկուած պաշտօնը։ (Ընկերոջ խօսքը ամբողջութեամբ պիտի հրապարակենք առանձին)։