Գասպար Կարապետան կը շեշտէ Հայ Դատի կառոյցներուն եւ Արցախի իշխանութիւններուն համագործակցութեան կարեւորութիւնը
Երեքշաբթի, 5 Մարտ 2019-ին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Հայ Դատի Գրասենեակէն ներս, Պրիւքսէլի մէջ:
Հանդիպման ներկայ էին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի անձնակազմը, Պելճիքայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կոմիտէութեան անդամներ եւ ներկայացուցիչներ՝ Պելճիքայի Հայ Օգնութեան Միութենէն, Համազգային Մշակութային Միութենէն, ՀՅԴ «Արամ Երկանեան» Երիտասարդական միութենէն Եւ ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբէն:
Ողջունելով Պարոն Ղուլեանի գալուստը, Գասպար Կարապետեան վերահաստատեց Հայ Դատի Գրասենեակի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու օժանդակել Արցախի Հանրապետութեան եւ պաշտպանել Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները՝ Եւրոպական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու մօտ:
Աշոտ Ղուլեան իր կարգին գնահատեց Դաշնակցութեան, անոր ուղեկից միութիւններուն եւ Հայ Դատի գրասենեակներուն դերակատարութիւնը ազատ եւ անկախ Արցախի միջազգային ճանաչողութեան պայքարին մէջ:
«Խորհրդարանին մէջ, երբ մեր գործունէութիւնը կ’ամփոփենք, յատկապէս արտաքին կապերու հետ կապուած նիւթերու մասին, պարբերաբար կ’ընդգծենք Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենակի աջակցութեամբ արձանագրուած յաջողութիւնները», յայտարարեց Ղուլեան: Ան շարունակեց ըսելով, թէ պայքարը միասնաբար պիտի շարունակենք՝ ջերմեռանդութեամբ:
Անդրադառնալով հանդիպման Գասպար Կարապետեան ըսաւ. «Այս առաջին անգամը չէ, որ Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն պաշտօնեաներ կ’այցելեն մեր գրասանեակը: Այսպիսի հանդիպումներու կարեւորութիւնը կարեւոր կը համարեմ, սփիւռքի մէջ գործող Հայ Դատի կառոյցներուն եւ Արցախի իշխանութիւններուն համագործակցութիւնը առաւել եւս զարգացնելու եւ համադրելու նպատակով»:
Չորեքշաբթի, 6 Մարտին, Արցախեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ ԱՀ Արտաքին գործերու փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան, պիտի մասնակցի Հայ Դատի Գրասենեակի կազմակերպած «Հայատեացութիւն. պատմական եւ արդի դրսեւորումները» խորագրով գիտաժողովին, որ տեղի կ’ունենայ Եւրոխորհրդարանէն ներս: