Գառնիկ Դանիէլեան համալրած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի կազմը

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ անդամ, ՀՀ Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան համալրած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի կազմը, կը տեղեկացնէ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ Հանրային կապերու գրասենեակը։

Դանիէլեան Գերագոյն մարմինի կազմին միացած է ՀՅԴ կանոնագրով սահմանուած կարգով՝ ՀՀ ԱԺ նախկին պատգամաւոր Թադեւոս Աւետիսեանի կուսակցական գործունէութեան կասեցումէն եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի կազմին մէջ իր գործունէութիւնը դադրեցնելէն ետք։

Աւետիսեանի որոշումը պայմանաւորուած է Մրցակցութեան եւ սպառողներու շահերու պաշտպանութեան յանձնաժողովի անդամ ընտրուելով։