Գանատայի վարչապետի Մոնթրէալի գրասենեակին դիմաց կայացած ցոյցի ընթացքին  հայ համայնքը յստակ եւ արդար դիրքորոշում պահանջեց վարչապետէն

Երեքշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2020-ի կէսօրին, կազմակերպութեամբ Քէպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ մարմինին,   հարիւրաւոր հայորդիներ բողոքի ցոյցով հաւաքուեցան Գանատայի Վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի Մոնթրէալի գրասենեակին դիմաց: Ցոյցը նպատակ կը հետապնդէր վարչապետ Թրուտոյէն պահանջել՝ Արցախի անկախութեան ճանաչում, Թուրք-Ատրպէյճանական յարձակողապաշտ քաղաքականութեան ու բռնարարքներուն դատապարտում, ինչպէս նաեւ կոտրել անտարբեր լռութիւնն ու առարկայականօրէն անդրադառնալ հարցին:

Հակառակ որ Գանատան ժամանակաւորապէս դադրեցուցած էր ռազմական սարքեր վաճառել թուրքիոյ եւ երկկողմանի հրադադար պահանջած էր մարտնչող կողմերէն, սակայն հայ համայնքը յստակ եւ արդար դիրքորոշում կը պահանջէր գանատայի վարչապետէն:

Նշենք, որ նոյն օրը առաւօտուն, Պլոք Քէպէգուայի խորհրդարանական պատգամաւոր Ստեփան Պէրկերօն խստօրէն դատապարտեց Գանատայի կառավարութեան անտարբեր լռութիւնն ու հարց տուաւ Արտգործ Նախարարին՝ թէ Գանատան ինչ նախաձեռնութիւններ կատարած է Արցախի հարցին խաղաղ լուծումը խթանելու համար: Ի պատասխան, Արտգործ Նախարարը նշած էր, որ Գանատան ամէն կերպ կը փորձէ օժանդակել հրադադարի կիրարման ճիգերուն, որուն ցայտուն օրինակ՝ պետութիւնը 325,000 տոլարի յատկացում մը կատարած է, իբրեւ մարդասիրական օժանդակութիւն:

Նշենք նաեւ, որ Քէպէգի հայ համայնքը բողոքի ցոյցերը պիտի շարունակէ եկող օրերուն եւս, ընտրելով պետական նշանակութիւն ունեցող վայրեր:

 

.

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.