Գանատայի վարչապետին ուղերձը պատմակշիռ եղելոյթ էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին մէջ

Համաշխարհային համավարակի առթած ճգնաժամին պատճառով, 2020 թուականի Ապրիլ 24ի Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը տարբեր բնոյթ կրեց Գանատայի մէջ։ Չկային Օթթաուայի մէջ տողանցող պահանջատէը հայ երիտասարդութեան կուռ շարքերը, չէին լսուեր բարձրախօսներէ հնչող հայութեան արդար իրաւունքներու կոչերը։

Յիշատակումը այս անգամ կայացաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնութեամբ պատրաստուած յատուկ յայտագրի առցանց սփռումով, որուն կիզակէտն էր Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի պատմական ուղերձը։

Ողջունելով Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին նուիրուած Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպած առցանց ոգեկոչումը, Գանատայի Վարչապետ Ճասթին Թրուտօ տեսանիւթով ներկայացուած յատուկ ուղերձով խստօրէն դատապարտեց Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ անգամ եւս վերահաստատեց Գանատայի պետութեան հաստատ կեցուածքը:

Շեշտը դնելով նաեւ ոճիրն ու յանցագործութիւնը յիշելու եւ յիշեցնելու անհրաժեշտութեան եւ պարտաւորութեան վրայ, Գանատայի վարչապետի ուղերձը միաժամանակ կը դատապարտէր նաեւ Անգարայի ուրացման եւ անյիշողութեան քաղաքականութիւնը։

Հայութիւնը երախտահատոյց է Գանատայի ժողովրդավար պետութեան, որուն ծերակոյտն եւ խորհրդարանը, յաջորդաբար 2002-ին եւ 2004-ին յատուկ բանաձեւերով հաստատած են հայութեան դէմ գործադրուած ոճիրը, իսկ 2006 թուականի Ապրիլ 21-ին, Գանատայի կառավարութիւնը՝ վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի յայտարարագրով ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ այդ ճանաչումը հաստատագրած, որպէս պետական քաղաքականութիւն:

Յայտնատեսութեան չի կարօտիր այն իրողութիւնը, որ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս այսօր, Գանատայի տարածքին անխափան կը գործէ թուրք-ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութեան մեքենան։ Այս քարոզչական առճակատման բովին մէջ, Հայ Դատի յանձնախումբի հետեւողական լոպպիստական ճիգերուն իբրեւ արդիւնք՝ կազմաքանդման ենթարկուեցաւ թրքական հակաքարոզչութիւնը, որ վերջին տարիներուն վերածուած է Օթթաուայի մէջ Ապրիլ 24ի թուրք վարձկաններու խղճալի հակացոյցի։

Հայ Դատի յանձնախումբի պատրաստած ոգեկոչման ծրագիրը զգաստութեան կոչ էր Անգարայի, որ անյետաձգելի պահն է կատարուած յանցագործութիւնը  պետականօրէն ճանչնալու, միաժամանակ պետական բանականութիւնը գործադրելու եւ թուրք քաղաքացիական հասարակութեան առիթ ընծայելու պատմութեան հետ առերեսուելու եւ դատակշռելու նախնիներու կատարած եղեռնագործութիւնը։

Հայ Դատի յանձնախումբը իր առաքելութիւնը կը շարունակէ Գանատայի դաշնակցային պետութեան օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու, ինչպէս նաեւ նահանգային թէ քաղաքապետական օղակներու մէջ եւ այդ գործունէութեան յենարանն ու ուժի աղբիւրը առաջին հերթին գանատահայութիւնն է, որուն կենսուժն ու պահանջատիրութեան անկոտրում թափը յառաջ կը մղեն յանձնախումբի առաքելութիւնն ու աշխատանքները։

Յանձնախումբը իր գործունէութեամբ կը տանի բազմաբեւեռ աշխատանք, յատկապէս ծանրանալով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման եւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ամրագրման վրայ։

Այս է Հայ Դատի յանձնախումբի առաքելութիւնը, որ իր ամբողջական ներուժը ի սպաս դրած է գանատահայ համայնքի ազգային ինքնաճանաչման, հայրենատիրութեան, հայու արժանապատուութեան ու լինելութեան ի խնդիր։

«Հորիզոն»ի Խմբագրական

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.