Գանատայի ՀՕՄ-ը 10 Անկողին կը նուիրէ Հայաստանի Հաշմանդամ Զինուորներու Վերականգնողական Կեդրոնին
3375
0
Յունուար 22-ին, Գանատայի ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկհ. Անի Օհանեան «Հորիզոն»ի խմբագրութեան փոխանցեց, թէ Գանատայի ՀՕՄ-ի շրջանը որոշած է աջակցիլ Երեւանի թիւ 1 Հիւանդանոցի Հաշմանդամ Զինուորներու Վերականգնողական Կեդրոնին, որ խիստ կարիք ունի յատուկ անկողիններու:
Հայ Օգնութեան Միութիւնը ծրագրած է նորոգուած այս Կեդրոնին 50 հատ յատուկ անկողին նուիրել, աշխարհասփիւռ իր միաւորներու օժանդակութեամբ: Ծրագրի նախահաշիւն է 85.000 տոլար, իւրաքանչիւր անկողինի ծախսը՝ 1700 ամ. տոլար:
Գանատայի ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութիւնը որոշած է մասնակցիլ վերոնշեալ ծրագրին եւ 10 անկողին ապահովել Հաշմանդամ Զինուորներու Վերականգնողական Կեդրոնին համար։