Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը մասնակցեցաւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի Ազատականներու համաժողովին
2318
0
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը, Փետրուար 3-ին մասնակցեցաւ Վանգուվըրի մէջ կայացած Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի Ազատական կուսակցութեան համաժողովին, որու ընթացքին կուսակցութեան պատգամաւորները կուսակցութեան նախագահ ընտրեցին Պրիթիշ Գոլոմպիայի խորհրդարանի անդամ Անտրու Ուիլքընսընը։
Նշենք, որ Պրիթիշ Գոլոմպիայի խորհրդարանի 86 անդամներէն 41-ը ազատականներ են և ուժեղ ընդդիմութիւն են ներկայ կառավառութեան մէջ։ Հայ Դատի Արեւմտեան շրջանի ընկերները շնորհաւորեցին նորընտիր ղեկավարը։