Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՚ուղղէ քուէարկել ի նպաստ Գանատայի Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի թեկնածու Փիեռ Փոլիէվրին

Օգոստոս 22-ին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը, Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Գանատայի ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի թեկնածու՝ Փիեռ Փոլիէվրին։

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ վերջին ամիսներու ընթացքին, Հայ դատի յանձնախումբը համակարգելով իր մասնաճիւղերու համագանատական ցանցը, ուշադիր հետեւած է Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի թեկնածուներու ընտրապայքարին եւ այդ ընթացքին, առիթ ունեցած է հանդիպելու կարգ մը թեկնածուներու հետ, որոնց հետ հանգամանօրէն քննարկած է յանձնախումբի քաղաքական առաջնահերթութիւնները, գանատահայ համայնքի մտահոգութիւններն ու շահերը։

Հաղորդագրութեան կը նշէ նաեւ, որ հիմնուելով թեկնածուներուն հետ յանձնախումբին կատարած քննարկումներուն վրայ, այն եզրայանգման հասած է, որ Փիեռ Փոլիէվրը խորքային եւ համապարփակ ըմբռնում ունի գանատահայ համայնքին առնչուող խնդիրներուն եւ կը ցուցաբերէ յստակ ու հաստատակամ յանձնառութիւն՝ համագործակցելու գանատահայ համայնքին հետ։

Հաղորդագրութիւնը կոչ կ՚ուղղէ Պահպանողական կուսակցութեան անդամ գրանցուած հայ համայնքի անդամներուն, որ յառաջիկայ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի ընտրութիւններուն քուէարկեն ի նպաստ Փիեռ Փոլիէվրի։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.