Գանատայի ընտրութիւններուն ընդառաջ. Հայ Դատի յանձնախումբի քաղաքական ուղեծիրը -Խմբագրական
Գանատան աշխարհի մէջ այն պետութիւններէն է, որոնց կառավարութեան ձեւաւորման իրաւունքը վերապահուած է խորհրդարանին։ Խորհրդարանին մէջ տարբեր քաղաքական կուսակցութիւններու, իրաւական ենթահամակարգերու եւ ժողովրդավարական յարաբերութիւններու ընդհանուր շրջագիծը կ՚ամբողջանայ եւ կ՚արժեւորուի պետականաշինութեան ուղենշուած պատուիրաններով եւ օրէնսդիր իրաւասութիւններով։ Գանատայի խորհրդարանին մէջ, Քաղաքական մեծամասնութիւնը ներկայացնող կուսակցութիւնն ու գաղափարականօրէն անոր հակադրուած քաղաքական փոքրամասնութիւնը համագոյակից անհրաժեշտութիւն են եւ կը գործեն սահմանադրութեամբ ամրագրուած օրէնքներու ծիրէն ներս՝ ժողովրդավարական պայմաններու ներքոյ։
Հոկտեմբեր 21-ին, Գանատայի մէջ պիտի կայանան դաշնակցային ընտրութիւններ, որուն ընթացքին տարբեր կուսակցութիւններ ներկայացնող թեկնածուներու մրցապայքարէն ետք, պիտի ընտրուին 338 խորհրդարանականներ։
Այս ընտրութիւններուն, իբրեւ ինքնուրոյն քաղաքական օրակարգ ունեցող կազմակերպութիւն՝ իր շարքերն ու գանատահայութիւնը զօրաշարժի ենթարկած է Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, որ ինչպէս անցեալին՝ այսօր նոյնպէս Գանատայի պետականաշինութեան ամրակայման եւ զարգացման կողքին կը նպատակադրէ նաեւ ամրագրել Հայաստանի եւ գանատահայութեան կենսաերթը՝ պատմական ամենէն ճգնաժամային հանգրուաններուն ընթացքին։
Տասնամեակներէ ի վեր Գանատայի հայ գաղութի հաւաքական տեսակէտը ներկայացնող եւ այդ համայնքի ազգային շահերը պաշտպանող իբրեւ կազմակերպութիւն՝ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը ճիգ չէ խնայած ստեղծելու գանատական նպաստաւոր հանրային կարծիք այն հարցերուն շուրջ, որոնք յատկապէս կը վերաբերին հայութեան արդար դատին եւ մարդկային իրաւանց հարցերուն։
2019-ի Գանատայի Դաշնակցային ընտրութիւններուն ընդառաջ, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Հայաստանի, Արցախի ու հայ ժողովուրդին ընդհանուր շահերէն մեկնած՝ հրապարակած է առցանց եւ տպագիր անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով գրքոյկ մը, որ համապարփակ ձեւով կ՚անդրադառնայ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն եւ ուղեծիրին:
Այդ հրատարակութեան մէջ նշուած է սկզբունքային առանձնայատկութիւն ունեցող ձեւակերպուած առաջադրանքներու եւ հայցերու ուղենշուած ցանկը։
Հայաստան-Գանատա միջ-պետական յարաբերութիւններու զարգացման ծիրէն ներս կը շեշտուին Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպանատան հիմնադրումը, երկու պետութիւններու միջեւ առեւտրական եւ գիտարուեստի ոլորտներու սերտաճումը եւ Գանատայի զօրակցութեան ապահովումը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրագրման ուղղութեամբ։
Այլ գետնի վրայ կը շեշտուի Արցախի իրաւական միջազգային ճանաչման եւ բանակցային գործընթացի հիմնախնդիրներուն կապակցութեամբ Գանատայի գործուն մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ գանատական զինամթերք արտադրող ընկերութիւններու կողմէ Ատրպէյճանի զէնքի վաճառքի արգելակումը։
Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ պահանջատիրական պայքարի ուղղութեամբ հայցերու ծիրէն ներս, յանձնախումբը էական կը նկատէ Գանատայի տարածքին Ցեղասպանութեանց ուսուցման անհրաժեշտութիւնը։
Նմանապէս, յստակ կոչ կ՚ուղղուի Ջաւախքի հայութեան մարդկային իրաւունքները անխախտ պահելու եւ Ջաւախքի ընկերային զարգացման սատար հանդիսանալու։
Տասնամեակներու իր փորձառութեամբ, Հայ Դատի յանձնախումբը գիտակից է, որ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց անվտանգութիւնը այսօր համահիւսուած է, եւ քաղաքական քարոզչութեան հարթակի վրայ այդ անվտանգութեան երաշխաւորը՝ աշխարհատարած Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակներն են։
Արդէն հրապարակուած են յանձնախումբի աջակցութիւնը վայելող թեկնածուներու անունները։ Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՚ուղղէ Գանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ գործող հայ համայնքներուն, որ ընտրութեան օրը, անսալով Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի կոչին՝ քաղաքացիական իրենց իրաւունքով քուէարկեն տարբեր ընտրատարածքներու մէջ յանձնախումբի զօրակցութեան արժանացած թեկնածուներուն։
«Հորիզոն»ի Խմբագրական