Գանատայի Եարմութ քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու փրկարար Սառա Քորնինկի արձանին

«Հորիզոն» – Շաբաթ, 14 Սեմպտեմբեր 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1-ին, Գանատայի Եարմութ քաղաքի պատմութեան թանգարանի շրջափակէն ներս, տեղի ունեցաւ բացումը Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու փրկարար Սառա Քորնինկի արձանին, կազմակերպութեամբ «Սառա Քորնինկ» հիմնարկին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի, համագործակցութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Եարմութ քաղաքի քաղաքապետարանին եւ Ցեղասպանութեան Ուսուցման Սառա Քորնինկ կեդրոնին: Ձեռնարկին ներկայ եղան Նովա Սքոչիա նահանգի ընդհանուր կառավարիչ Արթուր Լէպլանգ, Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդական փոխանորդ Հոգշ. Հ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեան, նահանգային նախարարներ Զաք Չըրչիլ եւ Լաւի Քասուլիս, խորհրդարանի եւ ծեռակոյտի անդամներ, Եարմութի քաղաքապետ Փաթ Մուտ, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի, Հայ Դատի շրջանային յանձնախումբի եւ Ցեղասպանութեան Ուսուցման Սառա Քորնինկ կեդրոնի ներկայացուցիչներ:

Յուշարձանին հեղինակ-քանդակագործն է հայրենի արուեստագէտ Կարէն Պետրոսեան, իսկ մեկենասները՝ տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Մարալ Հասերճեանները:

Բացման արարողութեան ընթացքին խօսք առին Նովա Սքոչիա նահանգի ընդհանուր կառավարիչ Արթուր Լէպլանգ, Եարմութի քաղաքապետ Փաթ Մուտ եւ Ցեղասպանութեան Ուսուցման Սառա Քորնինկ կեդրոնի հիմնադիր Ռաֆֆի Սարգիսեան, որոնք ներկայացուցին Քորնինկի կենսագրականն ու գործունէութիւնը, դրուատելով անոր անձնուէր աշխատանքն ու նուիրումը հայ ժողովուրդին ու մարդկութեան:

Նախքան արձանին քօղազերծումը, տեղի ունեցաւ կենդանի պատկեր մը, որով ներկայացուեցաւ Քորնինկի հոգածութիւնը հայ որբերուն հանդէպ: Քօղազերծումը կատարեցին խումբ մը փոքրիկներ, խորհրդանշելով Քորնինկի փոքրիկներ եւ որբեր ազատելու առաքելութիւնը:

Քօղազերծումէն ետք յուշարձանը օրհնեց Հոգշ. Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեան:

Անկէ ետք քաղաքապետարանէն ներս տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք, հիւրընկալութեամբ Եարմութի քաղաքապետ Փաթ Մուտի, որուն ընթացքին խօսք առին նախարարներ Չըրչիլ եւ Քասուլիս, ինչպէս նաեւ Գանատայի Մարդկային Իրաւանց Թանգարանի խորհուրդի անդամ Պէնճամին Նայքում: ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբին անունով խօսք առաւ յանձնախումբի անդամ Շահէն Միրաքեան, որ դրուատեց Քորնինկի աշխատանքն ու նշեց անոր յիշատակման անհրաժեշտութիւնը: Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան ներկայացուց դեսպան Յարութիւնեանը, որմէ ետք տիկին դեսպանը փոխանցեց օրուան գլխաւոր պատգամը՝ վեր առնելով Քորնինկի ու անոր գործակիցներուն նուիրումը եւ նշելով հայ ժողովուրդին երախտապարտութիւնը: Ան նաեւ անդրադարձաւ հայ եւ գանատացի ժողովուրդներուն բարեկամութեան եւ այդ յարաբերութիւններուն խորացման անհրաժեշտութեան:

Աւարտին, քաղաքապետ Մուտ դեսպան Յարութիւնեանի յանձնեց յուշանուէր մը:

Նշենք, որ Շաբաթ առաւօտեան Ցեղասպանութեան Ուսուցման Սառա Քորնինկ կեդրոնի ներկայացուցիչները շրջանի ուսումնական խորհուրդի անդամներուն ներկայացուցին յատուկ դասախօսութիւն մը՝ ցեղասպանութեանց ուսուցման մեթոտաբանութեան մասին:

Իսկ Կիրակի առաւօտ, Դեսպան Յարութիւնեան յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքապետ Մուտի հետ, քննարկելու հայաստանեան քաղաքի մը եւ Եարմութի միջեւ համագործակցութեան դաշինքի մը ստորագրման հնարաւորութիւնները: Սոյն հանդիպման նաեւ մասնակցեցան Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները:

 

OLYMPUS DIGITAL CAMERA

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.