Գանատայի դաշնակցային ընտրութիւններու թեկնածու Արիս Մովսէսեան այցելեց Թորոնթոյի ՀՕՄի վարժարան
- (0)

Ապրիլ 16-ին Թորոնթոյի ՀՕՄի ամենօրեայ վարժարան այցելեց Գանատայի դաշնակցային ընտրութիւններու թեկնածու Արիս Մովսէսեանը։ Այցելութեան անդրադառնալով վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան յայտնեց. «Հպարտութեամբ կը յայտարարենք, որ վարժարանիս 2022 թուականի շրջանաւարտ՝ Արիս Մովսէսեան, կը մասնակցի 28 Ապրիլին կայանալիք դաշնակցային ընտրութիւններուն որպէս Scarborough-Agincourt շրջանի Պահպանողական (Conservative) կուսակցութեան թեկնածու: Արիս այցելեց մեր վարժարանը, ուր աշակերտներուն ներկայացուց ընտրական գործընթացի վերաբերեալ տեղեկութիւններ: Յաջողութիւն կը մաղթենք Արիսին եւ շնորհակալ ենք, որ ան միշտ պատրաստ է իր ժամանակը տրամադրելու մեր վարժարանին եւ աշակերտներուն»:
Մովսէսեան ծնած է Գանատա եւ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանի շրջանաւարտ է։ Ներկայիս բարձրագոյն ուսումը կը շարունակէ Թորոնթոյի Համալսարանին մէջ եւ որպէս մասնագիտութիւն կը հետեւի Business Administration ճիւղին։