Գանատահայ լրատուամիջոցները կը դատապարտեն ՀՀ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ լրագրողներու դէմ գործադրուող բռնարարքները

Մայիս 30-ին, Երեւանի քաղաքակեդրոնի Կառավարութեան 3-րդ մասնաշէնքին մօտ ընդդիմութեան բողոքի եւ անհնազանդութեան խաղաղ հաւաքի ընթացքին, ոստիկանները հարուածներ հասցուցած են «Երկիր»ի գլխաւոր խմբագիր Վահէ Սարգսեանին, պատռած են վերնաշապիկը ու փորձած են բերման ենթարկել զինք:

Խստօրէն կը դատապարտենք քաղաքացիական անհնազանդութեան խաղաղ գործողութիւնները լուսաբանող մեր լրագրող գործընկերոջ իրաւունքներու ոտնահարման այս դէպքը եւ մասնագիտական իր գործունէութիւնը խոչընդոտելու ոստիկանութեան բրտութեամբ յատկանշուող այս գործելաոճը։

Անհամաչափ ուժի օգտագործումով լրագրողներու դէմ բրտանալու գործելաձեւը կը հակասէ ժողովրդավարութեան տարրական սկզբունքներուն եւ նման բռնութիւններու ընթացքը՝ ծանր հարուած է մեր պետականութեան ժողովրդավարութեան հիմքերուն։

Առ այդ, իրաւապահ մարմիններէն կը պահանջենք յարգել լրագրողներու մասնագիտական գործունէութիւնը, որը ամրագրուած է պետական օրէնսդրութեամբ

«Երկիր»ի մեր գործընկերոջ դէմ իրաւապահ մարմիններու բրտութեան արարքը դատապարտող այս յայտարարութիւնը կը յղենք նաեւ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապաետութեան դեսպանութեան, որպէսզի զայն փոխանցեն առ որ անկ է։

«Հորիզոն» շաբաթաթերթ

«Նոր Հայ Հորիզոն» հեռուստաժամ

«Հայ Հորիզոն» հեռուստաժամ

«Թորոնթոհայ» ամսաթերթ

«Հայ Կեդրոնի Ձայն» ռատիոժամ

Trik Trak Armenian Radio

«Արծիւ» պաշտօնաթերթ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.