Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը Կը Յայտարարէ Երեք Նոր Ծրագիր Լիբանանի Համար
Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը Լիբանանին ուղղուած իր ռազմավարութեան ծիրէն ներս մշակած է կրթական համակարգին վերաբերող երեք նոր ծրագիր։ Առաջին ծրագիրը «Հայկական Դպրոցներու Նպաստի Ծրագիր»-ն է, որ բաց է Լիբանանի բոլոր հայկական դպրոցներուն։ Անոր հիմնական նպատակն է օժանդակել դպրոցներուն որ կարենան իրենց մանկավարժական համակարգը բարեփոխել, շեշտը դնելով արեւմտահայերէնի որակեալ ուսուցումին վրայ։
Երկրորդ ծրագիրը «Ուսուցիչներու Շարունակական Ուսումնառութեան Ծրագիր»-ն է, որ ուղղուած է արեւմտահայերէնով այլազան նիւթեր դասաւանդող բոլոր ուսուցիչներուն։ Հիմնարկութիւնը կը փափաքի կենսական բարեփոխումներու մղիչ ուժ մը ըլլալ՝ ուսուցիչներու ուղղութեամբ ներդրումներ ընելով։
Երրորդ ծրագիրը «Հայերէնի Օժանդակ Դասընթացքի Ծրագիր»-ն է, որուն հիմնական նպատակն է բարելաւել մասնակիցներուն արեւմտահայերէնի լեզուամտածողական իմացութիւնը։ Գալուստ ԿիւլպէնկեանՀիմնարկութիւնը պիտի համագործակցի տեղական ինչպէս նաեւ միջազգային մասնագէտներու հետ՝ հիմնական նպատակ ունենալով մասնակիցներուն լեզուական, մշակութային, վերլուծողական եւ քննական մտածողութեան հմտութիւններու զարգացումը՝ արեւմտահայերէնով։
Յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի է ստանալ կայքէջէն.
https://gulbenkian.pt/armenian-communities/