Բողոքի Ցոյց Եւ Քայլերթ` Ընդդէմ «Գունագեղ» Տօնակատարութեան
1093
0
18 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց եւ քայլերթ` ընդդէմ սեպտեմբեր 21-ի համերգին: Բողոքի ցոյցին մասնակիցները «ԿինօՄոսկուա»-ի մօտակայքէն շարժեցան դէպի Հանրապետութեան հրապարակ` միանալու զոհուած զինուորներու ծնողներուն:
Ոստիկանները փորձեցին խոչընդոտել երթը, անոնք բռնի ուժ գործադրելով բերման ենթարկեցին ցոյցի մասնակիցներէն աւելի քան 20 հոգի: Ոստիկանութիւնը նախապէս զգուշացուցած էր, որ պիտի չարտօնէ քայլերթի կայացումը: