Բողոքի Ցոյց Եւ Քայլերթ` Ընդդէմ «Գունագեղ» Տօնակատարութեան

18 սեպտեմբերին,  յետմիջօրէի ժամը 15:00-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց եւ քայլերթ` ընդդէմ սեպտեմբեր 21-ի համերգին: Բողոքի ցոյցին մասնակիցները «ԿինօՄոսկուա»-ի մօտակայքէն շարժեցան դէպի Հանրապետութեան հրապարակ` միանալու զոհուած զինուորներու ծնողներուն:

Ոստիկանները փորձեցին խոչընդոտել երթը, անոնք բռնի ուժ գործադրելով բերման ենթարկեցին ցոյցի մասնակիցներէն աւելի քան 20 հոգի: Ոստիկանութիւնը նախապէս զգուշացուցած էր, որ պիտի չարտօնէ քայլերթի կայացումը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.