Բակօ Սահակեան Առաջնագիծի Վրայ Զինուորներու Ծառայութեան Ընթացքին Ծանօթացած է
2281
0
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Հոկտեմբեր 9-ին, այցելած է Արցախա-ատրպէյճանական սահմանագիծի հարաւային հատուած, տեղւոյն վրայ ծանօթացած զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նախագահին ուղեկցած են պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: